Ֆրանցիսքօ Ֆրանքօ
Ֆրանցիսքօ Ֆրանքօ Պաամոնտէ (Կաղապար:IPA-es,, սպանացի սպայ, զօրավար, Սպանիոյ ղեկավար 1939 թուականէն մինչեւ իր մահը՝ 1975 թուականը։ Ֆրանքոն ծնած է զինուորականի ընտանիքի մէջ եւ դարձեր է ամենաերիտասարդ զօրավարը Սպանիոյ մէջ եւ ամենաերիտասարդ զօրավարներէն մէկը Եւրոպայի մէջ 1920-ական թուականներուն[5]:
Որպէս ուժեղ պահպանողական՝ ան հիասթափութիւն ապրեցաւ, երբ 1931 թուականին միապետութիւնը Սպանիոյ փոխարինուեցաւ հանրապետութեամբ: 1936 թուականի ընտրութիւններուն պահպանողականները պարտութիւն կրեցին Ժողովրդական ճակատէն, վերջիններս եկան իշխանութեան։ Դուրս գալով հանրապետութեան դէմ՝ Ֆրանքոն եւ այլ զօրավարներ կազմակերպեցին յեղաշրջման փորձ, որմէ ալ սկսաւ Սպանիայի քաղաքացիական պատերազմը: Միւս գեներալների մահէն յետոյ Ֆրանքոն դարձաւ իր կուսակցութեան միակ առաջնորդը։
Կանայք Սպանիոյ մէջ Ֆրանքոյի կառավարման ժամանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆրանքոյի ժամանակ կինը պէտք է ըլլայ բարութեան եւ հոգածութեան չափանիշը, կինը պէտք է սիրէ իր զաւակներուն, ծնողներուն, եղբայրներուն, հաւատարիմ ըլլայ իր ամուսնոյն, ըլլայ միշտ իր ընտանիքի կողքին։ Պաշտօնական գաղափարախօսութեան համաձայն կինը պետք է հոգ տանի իր ընտանիքի եւ զաւակներու նկատմամբ։ Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ չեղեալ համարուեցան սեռական հաւասարութեան մասին օրէնքները։ Կինը չէր կարող ըլլալ դատաւոր կամ վկայութիւն տար դատարանի մէջ։ Կանայք նաեւ չէին կարող դառնալ համալսարաններու փրոֆէսօրներ։ Անոնց բոլոր գործերը պէտք է կառավարուէին ամուսիններու կամ հայրերու կողմէ։ Նոյնիսկ 1970-ական թուականներուն կանայք կարող էին ձերբակալուիլ եւ բանտ նստիլ դաժան ամուսինէ փախուստի համար։ Մինչեւ 1970-ական թուականները կանայք չէին կարող ունենալ դրամատան հաշիւ առանց ամուսնու կամ հօր համաձայնութեան[6]: 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն շատ սահմանափակումներ վերացուեցան, սակայն շատերը մնացին տակաւին Ֆրանքոյի մահէն յետոյ, մինչեւ սեռային հաւասարութեան մասին օրէնքներ ընդունուեցան: