Էր Ռիատ կամ Ռիատ (արաբերէն՝ الرياض), Սաուտեան Արաբիոյ մայրաքաղաք։ Էր Ռիատը համանուն երկրին վարչական կերրոնն է, ինչպէս նաեւ թագաւորութեան ամենաբարձր շինութեան՝ Kingdom Centre-ի գտնուելու վայրը։ Ըստ 2010 թուականի բնակչութեան գնահատման Էր Ռիատի բնակչութիւնը կը կազմէ 4 878 473 մարդ[2]։
Քաղաքի անուանումը ծագած է հին արաբերէնով rawdha բառէն, որ կը նշանակէ այգիներու եւ ծառերու վայր։ Իրականութեան մէջ նաեւ քաղաքի փողոցներուն մէջ շատ են կանաչ տարածուիւնները։
Մոտ 4 հազար տարի առաջ ժամանակակից Էր Ռիատի տարածքին մէջ կ'ապրէին արաբական քոչուոր ցեղեր։ 18-րդ դարի սկիզբներուն Էր Ռիատը դարձաւ ուահհաբիտներու կեդրոն։ 1821 թուականին դարձաւ ուահհաբիտներու էմիրայութեան մայրաքաղաք Սաուտցիներու թագաւորութեան օրով[3]։
1902 թուականին Նաճտ շրջանի կեդրոնն էր։ 1932 թուականի աստիճանական միաւորման արդիւնքով ստեղծուեցաւ պետութիւն Էր Ռիատ մայրաքաղաքով։
_4-0">4,0
_—_[[:d:Q20423308|General_Authority_for_Statistics]]. _4-1">4,1
_—_[[:d:Q20423308|General_Authority_for_Statistics]].