Jump to content

Պելկրատի պաշարումը (1806)

Պելկրատի պաշարումը
Սերպերու առաջին ապստամբութեան ընթացքին տեղի ունեցած կռիւ
Յարձակման քարտէսը
Թուական Նոյեմբեր - Դեկտեմբեր 1806
Վայր Պելկրատ
Արդիւնք ապստամբ սերպերու յաղթանակ
Հակառակորդներ
ապստամբ սերպերու ուժեր Օսմանեան կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Կողմերու ուժեր
25 000 սերպ զինուորներ եւ 40 թնդանօթներ օսմանեան բանակ եւ 300 թնդանօթ

Պելկրատի պաշարումը -1806 (սերպ․՝ Опсада Београда 1806)․ Սերպերու առաջին ապստամբութեան ընթացքին տեղի ունեցած կռիւ ապստամբ սերպերուն եւ օսմանցիներուն միջեւ։

Պատրաստական աշխատանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սավա գետը կը ճեղքէ Պելկրատը

Սերպ ապստամբներուն յարձակումը Պելկրատ զգուշութեամբ ծրագրուած էր։  1804-էն ի վեր ապստամբներու բանակը ղեկավարութեամբ Ճորճէ Փեթրովիչի (ծանօթ իբրեւ Սերպիոյ Քարաեորղի, Քարաեորղի Փեթրովիչ, ինչպէս նաեւ Սեւ Եորղոս կամ՝ Քարաեորղիս) կը գտնուէր Պելկրատի շրջանը, որպէսզի թուրքերուն դիմադրէ։   Սակայն երկու տարի ետք միայն անոնց դէմ շարժեցաւ։  1806 Նոյեմբերին սերպ ապստամբները Պելկրատին շրջապատը իրենց դիրքերը կը գրաւեն։

Քարաեորղի Դարպասը․ կը կարծուի թէ այդ դուռէն ապստամբները մտան ու գրաւեցին Պելկրատը 1806-ին

Պելկրատի պաշարման համար, Քարաեորղիին բանակին օգնութեան կը հասնին Սիմա Մարքովիչ, Եանքօ Քաթիչ, Մլատեն Միլովանովիչ, Միլենքօ Սթոյքովիչ, Սթանոյէ Կլավա, Վուլէ Քոլարաչ, Մաթէյա Նենատովիչ եւ Լուքա Լազարեվիչ իրենց բանակներով։  Նոյեմբերի կիսուն սերպերուն բանակը կը հաշուէ 25 000 սերպ զինուորներ եւ 40 թնդանօթներ։ Իսկ Պելկրատի պարիսպներէն ներս գտնուող թուրք զինեալները ունէին 300 թնդանօթ։  Պելկրատի պաշտպանութեան համար օսմանցիներուն կողքին կը գտնուէին նաեւ սերպ քրիստոնեաներ Պուլուպասիս Քոտայի ղեկավարութեամբ։

Բուն յարձակումը կը սկսի 30 Նոյեմբեր 1806-ին։  Սերպ պաստամբ միացեալ բանակը կը յաջողի քաղաք մտնել Սավա գետի հարաւային դարպասէն։  Թուրքերը սերպերը տեսնելով մէկ կրակոծով ահազանգ կը հնչեցնեն։

Կռիւը կը տեւէ ամբողջ իրիկունը եւ առտուան ժամը 10։00ի մօտերը, սերպ ապստաբները Պելկրատը կը գրաւեն։  Օսմանցիներու ներկայացուցիչ Սուլէյման Փաշա քաղաք կը մնայ ու 27 Դեկտեմբերին իր պահակագունդին հետ կը մեկնի։

[1]


Իվանքովաչի կռիւը

«The Revolt of the Serbs Against the Turks: (1804-1813)» Cambridge University Press, 16 Փետրուար 2012 - 224 էջ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Պելկրատին դարպասները(անգլերէն)