Պարպարա Սահակեան
Պարպարա Ժագլին Սահակեան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր (DSc), Քէյմպրիճի համալսարանի ջղահոգեբուժութեան դասախօս։ Ան կը հանդիսանայ նաեւ պատուաւոր քլինիքական հոգեբան՝ Քէյմպրիճի «Addenbrooke» հիւանդանոցէն ներս[8]։ Պարպպարա համաշխարհային համբաւ կը վայելէ որպէս՝ ջղահոգեբուժ, հոգեդեղագործ եւ ջղաբան[9]։
Սահակեան Միջազգային ջղաբանական միութեան (INS) հիմնադիր անդամներէն է, իսկ ներկայիս միութեան նախագահութեան պաշտօնը կը վարէ[10]։ Ան նախապէս նախագահն էր Բրիտանիոյ հոգեդեղաբանական ընկերակցութեան (BAP)․ որպէս նախագահ ծառայած է 2012 թուականէն մինչեւ 2014 թուական[11]։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սահակեան իր դոկտորականը պաշտպանած է Քէյմպրիճի համալսարանի հոգեբանութեան ամպիոնէն ներս[12]: Ապա, Պարպարա հետեւած է քլինիքական հոգեբանութեան ու դարձած՝ վկայեալ Հոգեբան[13]։
Գիւտեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սահակեան կատարած է ջղահոգեբուժական հետազօտական աշխատանքներ եւ մշակած է «Cambridge Neuropsychological Test Automated Battery» (CANTAB) փորձարկութիւնը, որու ստեղծագործողներէն մէկն եղած է 1980-ին։ «CANTAB»-ը այժմ աշխարհի տարածքին կ՛օգտագործուի աւելի քան 700 հետազօտական հիմնարկներէ ներս եւ գրախօսուած է 1200 յօդուածի մէջ[14]։