Jump to content

Ուղտասար

Ուղտասար լեռը, եւ համանուն լիճը
Քարտէս

Ուղտասար, լեռ․ բարձրութիւնը՝ 3363 մեթր։ Կը գտնուի Հայաստանի Սիւնիքի բարձրաւանդակին կեդրոնական մասին եւ Սիւնիքի (Զանգեզուրի) լեռնաշղթայի հիւսիսային մասը։ Սիսիանէն մօտաւորապէս 30 քմ․ հեռու։ Շրջանը հրաբխային ըլլալով, ժամանակի ընթացքին հրաբխային խառնարանէն լերան շուրջը մանր լճակներ կազմուած են։ 1968 թուականին ժայռապատկերներով հարուստ հնավայրը յայտնուեցաւ[1]:

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[2] Հազարաւոր տարիներ առաջ, Նոր Քարի դարաշրջանէն մինչեւ Երկաթի դարագլուխի վերջաւորութեան, Ուղտասարի շրջանը օգտագործուած եւ բնակուած է մարդոցմէ։ Եղած է մարդկային հասարակութեան, գեղարուեստական մտածողութեան, տեսակէտներու զարգացման օճախներէն մէկը։

Լեռը հասանելի է միայն տարուան բարենպաստ եղանակին՝ Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն։

Վաղեմի ժամանակներուն, ուխտաւորները երբ դժուարանցելի այս շրջանէն կ՛անցնէին, իրենց երախտապարտութիւնը կը յայտնէին՝ լերան լանջին իրենց որսը[3] զոհաբերելով։ Նախքան զոհաբերութեան, «կը մաքրուէին» շուրջի լճակներուն ջուրերուն մէջ։ Վերջաւորութեան, զոհաբերութեան արարողութիւնը կը պատկերացնէին ժայռերուն վրայ։

Ըստ աւանդութեան, Ուղտասար անունը տրուեցաւ, որովհետեւ լերան տեսքը, համանուն լիճէն դիտուած, սապատաւոր ուղտի կը նմանի։

Ժայռապատկերներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղտասարի ստորոտին շուրջը ցրուած՝ լճակներուն[2][3], ձորակներուն ու դարաւանդերուն, գտնուած են 2․000-է աւելի ժայռապատկերներ։ Անոնք Սիւնիքի հնագոյն յուշարձաններէն են: Ժայռապատկերներուն մեծ մասը փորագրուած է պղնձագոյն եւ սեւ ժայռակտորներու վրայ, հորիզոնական կամ ուղղաձիգ հարթ մակերեսներուն 2-6 ս․մ․ խորութեան, 2-20 մ․մ․ լայնութեան խորագծերով:

Ժայռապատկերներուն բովանդակութիւնը բազմազան է։  Փորագութիւնները կը խօսին  ծէսերու, որսորդութեան, բնաշխարհին, բնութեան երեւոյթներուն, տիեզերքի պատկերացումներուն՝ յատկապէս արեւուն պաշտամունքին հետ կապակցող տեսարաններուն մասին։

ժայռապատկեր

Ժայռակոյտերուն վրայ դրօշմուած են եղջերուներու, ձիերու, շուներու, վարազի եւ գիշատիչներու մեծադիր պատկերներ։

Փորագրուած ժայռապատկեր

Թեմատիկ տեսարաններուն մեծ մասին անմիջական մասնակիցը մարդն է․ որսի տեսարանները կը պատկերացուին՝ շարժման մէջ, աղեղը ձեռքին, որսի կենդանիին վրան նետարձակելու պահին, նիզակով զինուած եւ յաճախ` պարանը ձեռքին: Նաեւ պատկերուած են որսի տեսարաններու խմբային գործունէութիւններ՝ (շուրջկալ, որսի կենդանին քշելու պահ, հետապնդելու տարբեր եղանակներ): Վարպետօրէն քանդակուած են գազանի եւ մարդոց մենամարտի, այծի հոտը գիշատիչներուն վոհմակի յարձակումներէն պաշտպանող շան եւ ուրիշ տեսարաններ:

Ուղտասարի ժայռապատկերներուն արուեստը տպաւորիչ է․ ըլլայ գեղարուեստական առումով, ըլլայ բովանդակութեամբ: Անոնք մեզի հասան գրեթէ անվնաս վիճակի մէջ։ Թիւով քիչ են վնասուած ժայռապատկերները․ անոնց մակերեսը, բնութեան երեւոյթներուն ազդեցութեան տակ վնասուած են եւ կամ հողախաւով ծածկուած են:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հիմնական տեսարժան վայրերը - Ուղտասար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  2. 2,0 2,1 «Մետաքսի Ճանապարհ 5: Ուղտասար - Մետաքսի Ճանապարհ` Ուղտասար - Հայկական ժառանգությունը»։ www.armenianheritage.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-26 
  3. 3,0 3,1 hushardzantest։ «ՈՒՂՏԱՍԱՐԻ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ»։ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանության ծառայության (am-AM)։ արտագրուած է՝ 2019-07-26 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]