Մշոյ Ճառընտիր
Հայերէն ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը | |
Հեղինակ | Վարդան Կարնեցի |
---|---|
Պատկերազարդող | Ստեփանոս, որուն օգնած է նաեւ գրիչը |
Երկիր | Երզնկայի Աւագ վանք |
Լեզու | հայերէն |
Հրատարակուած | 1200-1202 |
Էջ | 601, սկզբնական շրջանին ունեցած է 660 թերթ |
«Մշոյ Ճառընտիր» կամ «Տօնական», հայերէն ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մշոյ Ճառընտիր»ը կամ «Տօնական»ը, հայերէն ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրն է: Գրուած եւ նկարազարդուած է 1200 - 1202 թուականներուն, Երզնկայի Աւագ վանքին մէջ, Բաբերդի տանտէր Աստուածատուրին պատուէրով։ Գրիչը Վարդան Կարնեցին է, իսկ ծաղկողը՝ Ստեփանոսը, որուն օգնած է նաեւ գրիչը։ Ձեռագիրը այժմ ունի 601 մագաղաթեայ թերթ (55, 3X70, 5 սմ.), իւրաքանչիւրը պատրաստուած է երինջի կամ արջառի կաշիէ։ Ձեռագիրը բաժնուած է երկու մասի, կազմ չունի, կշիռքը՝ 28 քկ. է։
Ձեռագիրը ճոխ զարդարուած է լուսանցքային զարդերով, գլխազարդերով եւ զարդագիրերով։ Վառ եւ ինքնատիպ են գլխազարդերը, որոնք կը յիշեցնեն շքեղ գորգեր՝ երկրաչափական, բուսական եւ անասնական զարդանախշերով: Լուսանցքային զարդերը կը զարդարեն ամէն մէկ միաւորի սկիզբ։
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեռագիրը ճառերու, վարքերու, վկայաբանութիւններու, պատմական քաղուածքներու եւ ներբողներու ժողովածու մըն է, որոնք դասաւորուած են տարուան տօներուն համաձայն, որմէ եկած է ժողովածուին «Տօնական» անունը։ Պահպանուած են երկու տէրունական նկարներ, մէկ էջին մէջ «Քրիստոսի Ծնունդը» իրեն կցուած նկարներով եւ այլ թերթի մէկ երրորդին մէջ՝ «Քրիստոսի Երուսաղէմ Մուտքը»։
Սկզբնական Տեսք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեռագիրը սկզբնական շրջանին ունեցած է 660 թերթ: 17 թերթ պահուած է Վենետիկի մէջ, 1 թերթ՝ Վիեննայի մէջ, իսկ 1977 թուականին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը Մոսկուայի Լենինի անուան գրադարանէն ստացած է 2 թերթ, որոնք անջատուած էին 1918-ին։
«Մշոյ Ճառընտիր»ի Առեւանգում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1203-ին մոնկոլ-թաթարական յարձակումներու ատեն, Աստուածատուրը կը սպաննուի եւ իր ունեցուածքը կը բռնագրաւուի: Բաբերդ քաղաքի աւերման ատեն, ձեռագիրը տակաւին չէր աւարտած, կազմ ու յիշատակարան չունէր: Խլաթ քաղաքի դատաւորը պատճառաբանելով, թէ թուրք դատաւորը իրենց պարտք ունի, կը վերցնէ Աւետարանը:
1206-ին Մուշ քաղաքի Ս. Առաքելոց վանքի հոգեւորականը եւ տեղի բնակչութիւնը կ'իմանան, որ թուրք դատաւորը վաճառքի հանած է Աւետարանը, մէկ տարուան բանակցութիւններէ ետք, կը յաջողին չորս հազար արծաթէ դրամի փոխարէն Աւետարանը ձեռք բերել եւ զայն կը տեղափոխեն Մշոյ Առաքելոց վանք:
Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, ձեռագիրը կրկին կը փրկուի ոչնչացումէ: Երկու հայ կիներ գաղթի ճամբուն վրայ կը գտնեն ձեռագիրը եւ կը վերցնեն իրենց հետ: Անոնք ձեռագիրը երկու մասի կը բաժնեն, որպէսզի եթէ մէկը մահանայ, գոնէ միւսը կարենայ փրկել մատեանը: Երկու կիներն ալ կ'ուղղուին դէպի Արեւելեան Հայաստան: Կիներէն մէկը կը հասնի Էջմիածին եւ ձեռագիրը կը յանձնէ, իսկ միւս կինը կը մահանայ, սակայն մինչ այդ ան ձեռագիրին մէկ մասը կը թաղէ Էրզրումի վանքի բակին մէջ:
1920-ին, ռուսական բանակի սպայ մը կը գտնէ ձեռագիրը եւ կը տեղափոխէ զայն Թիֆլիս, յանձնելով «Հայկական Ազգագրական ընկերութեան» թանգարանին, ուրկէ կը տեղափոխուի Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան[1]:
Մատեանին Քանդակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դաւիթ Երեւանցին «Մշոյ ճառընտիր» մատեանը խորհրդանշող քանդակ մը նուիրած է Հայաստանին` հայ գրատպութեան 500-Ամեակին եւ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով[2]:
Անթոնիա Արսլանի «Լուռ Հրեշտակը»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անթոնիա Արսլանի «Լուռ Հրեշտակը» մարդկային դիմացկունութեան եւ հերոսական հաւատքի պատմութիւն մըն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական մեծագոյն ձեռագիրին՝ «Մշոյ ճառընտիր»ին ոդիսականին շուրջ հիւսուած[3]։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ LLC Helix Consulting։ ««Վերապրած մշակոյթ». «Մշոյ ճառընտիր»-ի անցած ճանապարհը»։ www.panorama.am (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-22
- ↑ «Դպրոցական Վերամուտը Տարբեր Երկիրներու Մէջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-09-07։ արտագրուած է՝ 2020-06-22
- ↑ «Լուռ Հրեշտակը»