Jump to content

Մեծ Հայք

Մեծ Հայքի թագաւորութիւն, յայտնի է նաեւ որպէս Հայոց թագաւորութիւն կամ պարզապէս Մեծ Հայք, յունահռոմէական աղբիւրներու մէջ՝ Արմենիա Մայոր (լատիներէն՝ Armenia Maior), հինաշխարհեան եւ վաղմիջնադարեան շրջանի պետութիւն՝ Հայկական լեռնաշխարհը, որ գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. 331-էն մինչեւ մ․թ․ա. 428 թուականը։ Թագաւորութիւնը հիմնադրուած է Հայաստանի սատրապ Երուանդ Գ.-ի կողմէ, որ Ալեքսանտր Մակետոնացիին արեւելեան արշավանքներէն յետոյ Մեծ Հայքը հռչակած է անկախ պետութիւն։ Երուանդունիներն իրենց աթոռանիստ դարձուցած եւ Վանի թագաւորութեան օրով հիմնադրած են Արգիշտիխինիլի քաղաքը, որ վերանուանուած է Արմաւիր։ Երուանդունիներու համահայկական թագաւորութիւնն անկում ապրած է Ք.Ա. մօտ 200 թուականին՝ սելեւկեան զորքերու կողմէ Հայքի նուաճումէն եւ Երուանդ Վերջինի գահազրկումէն յետոյ։

Մագնեսիայի ճակատամարտին մէջ սելեւկեան բանակին ջախջախումէն յետոյ Ք.Ա. 189 թուականին Արտաշէս Ա. ինքզինքը հռչակած է հայոց արքայ՝ վերականգնելով Հայոց անկախ պետականութիւնը։ Վերջինս միաւորած է Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր նահանգները (բացառութեամբ Ծոփքին), ստեղծած է կայուն եւ մարտունակ բանակ մը, իւր յաջորդներուն թողելով տնտեսապէս զարգացած պետութիւն մը։ Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը սակայն իւր հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնէ Տիգրան Բ. Մեծի օրօք (Ք.Ա. 95-Ք.Ա. 55)․

Տիգրանեան նուաճումներու արդիւնք՝ ստեղծուած է Հայկական աշխարհակալութիւնը, որ կը տարածուէր Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Եգիպտոս, Կասպից ծովէն մինչեւ Արեւելեան Միջերկրական։ Տիգրանը պարթեւներէն խլած է «արքայից արքայ» տիտղոսը՝ Մեծ Հայքը դարձնելով արեւելքի հզօրագոյն քաղաքական ուժը։ Սակայն հետագայ տարիներուն շարունակուող հռոմէա-պարթեւական հակամարտութիւնն էական վնաս հասցուցած է Հայկական տիրակալութեանը, զոր անկում ապրած է մ․թ․ա. 1 թուականին՝ Տիգրան Դ.-ի մահէն յետքը։

Արտաշէսեաններու թագաւորութեան անկումէն յետոյ կէս դարէ աւելի Մեծ Հայքին մէջ յաջորդաբար իշխած են Հռոմի եւ Պարթեւստանի դրածոները։ Արիւնալի պատերազմներէն յետոյ՝ 66 թուականին, Հռովմէական կայսր Ներոնը Մեծ Հայքի արքայ ճանչցած է զՏրդատ Ա. Արշակունին՝ որ էր եղբայրն Պարթևաց Վաղարշ Ա. Արքայից արքայի։ Յարդիւնս հետագայ զարգացմանց՝ Մեծ Հայքի մէջ կհաստատի Արշակունիներու ժառանգական իշխանութիւնը։ Տրդատ Գ. Մեծիի կառավարման տարիներուն՝ 301 թուականին, Մեծ Հայքը առաջինն է աշխարհի մէջ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն։ Յաջորդ հարիւրամեակին, այս անգամ Վռամշապուհ արքայի կառավարման տարիներուն, տեղի ունեցած է հերթական դարակազմիկ իրադարձութիւնը, եւ 405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց իրագործած է Հայոց գիրերու գիւտը։ Մինչ այդ սակայն՝ 387 թուականին, Մեծ Հայքը բաժանուած էր Հռոմի եւ Սասանեան տէրութեան ազդեցութեան գօտիներու, մինչդեռ Արշակունիները չէին դադարած իշխել միացեալ հայոց հողերու վրայ։ Արշակ Գ.-ի մահէն յետքը հռովմէացիք բարձեալ են զարեւմտահայկական թագաւորութիւնն՝ այն միացնելով Փոքր Հայքի նահանգներուն, զորս հռովմէացիք կիշխէին Ք․Ա․ Առաջին դարէն, այնինչ Մեծ Հայքի պարսկական հատուածը կմնար Հայոց Արշակունիներու իշխանութեան ներքոյ ընդհուպ մինչեւ 428 թուականը։

Երուանդունիներու Թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 612 թուականին Մարաստանի եւ Բաբելոնի միացեալ բանակը կը նուաճէ Մերձաւոր Արեւելքի երկու հզօրագոյն տէրութիւններէն մէկուն՝ Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէն եւ կը կործանէ այդ պետութիւնը։ Ըստ Մովսէս Խորենացիին՝ Նինուէի գրաւման մասնակցած են Պարոյր Սկայորդիի գլխաւորած հայկական զօրաջոկատները։ Մերձաւոր արեւելեան միւս տէրութիւնը՝ Վանի Թագաւորութիւնը, կ՝ապրէր իր մայրամուտը։ Այսպէսով, այդ երկու տէրութիւններուն կործանմամբ կը ստեղծուի ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակ՝ ի յայտ գալով համահայկական առաջին պետութիւնը՝ Երուանդունիներու թագաւորութիւնը։

Հայկական պետականութիւնը գոյատեւած է աւելի քան մէկուկէս հազարամեակ. այդ պատմութիւնը կարելի է բաժնել հետեւեալ փուլերու՝

  1. Երուանդունիներու թագաւորութիւն եւ Սատրապական Հայաստան Ք.Ա. 331-590
  2. Մեծ Հայք՝ Երուանդունիներ, Արտաշէսեաններ, Արշակունիներ Ք.Ա. 331-428
  3. Պարսկա-Բիւզանդական տիրապետութիւն 387-652
  4. Արմինիա կուսակալութիւն 652-885
  5. Բագրատունեաց Հայաստան 885-1045
Պեհիսթունի արձանագրութիւն, հայու պատկեր

Ք.Ա. 550 թուականին Կիւրոս Մեծը ապստամբած էր Մարաստանի թագաւոր Աժդահակի դէմ եւ հիմնադրած առաջաւոր ասիական հզօր պետութիւն՝ ՝ ԱՔԱմենեաններու կայսրութիւնը։ Կարճ ժամանակի ընթացքին, կը յաջողի միաւորելու գրեթէ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը՝ Հնդկաստանէն մինչեւ Միջերկրական ծով, Միջին Ասիայէն ու Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Հնդկական ովկիանոս։

Որպէս հիմնադիր արքայի զինակից ու բարեկամ, Տիգրան Երուանդեանի թագաւորութիւնը, Հայաստանը իր արտօնեալ դիրքը ունէր հպատակ պետութիւններուն շարքին։ Այն կը յիշատակուի որպէս 13-րդ սատրապութիւն-նահանգ։

Ք.Ա. 522-520 թուականներուն հակաԱՔԱմենեան ապստամբութիւնները ճնշելէն ետք Դարեհ I Մեծը կը հիմնադրէ Հայաստանի սատրապութիւնը։ Անոր ղեկավարները հիմնականօրէն Երուանդունիներու արքայատոհմի ներկայացուցիչներն էին, հազուադէպ կային պարսիկ զօրավարներ։ Երուանդեանները կը մասնակցէին ԱՔԱմենեան Իրանի նուաճողական արշաւանքներուն ու պաշտպանութեանը, հարկ կու տային եւ կը տրամադրէին զօրք։ Սատրապութիւնը կը գոյատեւէ 2 դար (Ք.Ա. 331)։

Մեծ Հայքի Թագաւորութեան Հիմնադրում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանտր Մակետոնացիի «արեւելեան» արշաւանքի հետեւանքով Հայաստանը դուրս եկաւ ԱՔԱմենեան պետութեան կազմէն։ Երկիրը բաժնուեցաւ 2 անհաւասար մասերու՝ Մեծ Հայք եւ Փոքր Հայք։ Հետագային Ծոփքը նոյնպէս առանձնացաւ, ձեւաւորելով անկախ թագաւորութիւն։ Անոր միացաւ 4-րդ հայկական պետութիւնը՝ Կոմմագենէն։ Երուանդ Գ․ դարձաւ նորանկախ պետութեան առաջին թագաւորը։

Այս պատճառով՝ Երուանդ արքան կը վերականգնեցնէ Ք.Ա. 6-րդ դարու վերջը ԱՔԱմենեաններու միջամտութեամբ ընդհատուած հայկական անկախ պետականութիւնը։ Հայկական թագաւորութիւնը ըստ էութեան ընդգրկած է նախկին սատրապութեան տարածքը։ Անոր սահմանները անդր-եփրատեան Կոմմագենէ երկիրէն երկարած են մինչեւ Կուր գետը, Տիգրիս գետէն՝ մինչեւ Պոնտոսի լեռները։ Նկատի առնելով Վանի աշխարհագրական անբարենպաստ դիրքը եւ սահմաններուն մօտ գտնուիլը, հայոց արքան կը տեղափոխէ մայրաքաղաքը դէպի հիւսիս՝ Արարատեան դաշտ։ Ուրարտական Արգիշտիխինիլի քաղաքին տեղ կը կառոուցուի հայկական Արմաւիրը։ Այստեղ կը կառուցուին պալատներ, հեթանոսական տաճարներ։

Երուանդի թագաւորութիւնը եռանդուն մասնակցած է Առաջաւոր Ասիոյ քաղաքական կեանքին։ Իրեն օգնութեամբ Կապադովկիոյ թագաւոր հռչակուած է նախկին սատրապ Արիարաթեսը։ Ալեքսանդր Մակետոնացիի մահէն ետք, Առաջաւոր Ասիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակէն, Երուանդ համակրած է այն խմբաւորուած առաջնորդներուն, որոնք փորձած են պահպանել մակետոնական տիրակալութեան ամբողջութիւնը եւ երաշխաւորել ԱՔԱմենեաններէն անկախացած պետութիւններու ինքնուրոյնութիւնը։

Երուանդունեաց Թագաւորութիւն

Ք.Ա. 3-րդ դարու վերջը կը հիմնուի Հայաստանի երրորդ մայրաքաղաքը՝ Երուանդաշատը։ Ան կը կառուցուի Ախուրեան եւ Արաքս գետերու միախառնման տեղը։ Այստեղ կը տեղափոխուի հայկական արքունիքը, ինչպէս նաեւ՝ Արմաւիրի բնակչութեան մէկ մասը։ Կը կառուցուին այլ քաղաքներ՝ Զարեհաւանը, Զարիշատը, Սամոսատը, Արշամաշատը եւ այլն։

Ալեքսանտր Մակետոնացիի մահէն ետք, հայկական թագաւորութիւնները կը պայքարէին ստեղծուած Սելեւկեաններու թագաւորութեան դէմ։ Ք.Ա. 201 թուականին Անտիոքոս Գ․ Մեծի հրամանով երկու հայ զօրավարներ՝ Արտաշէսն ու Զարեհը, կը գրաւեն Մեծ Հայքն ու Ծոփքը։ Մայրաքաղաք Երուանդաշատի պաշարման ժամանակ կը զոհուի վերջին Երուանդեան թագաւորը՝ Երուանդ Դ․։ Արտաշէսը կը նշանակուի Մեծ Հայքի ռազմագէտ (strategist), իսկ Ծոփքի ռազմագէտ կը նշանակուի Զարեհը։ Այս իրավիճակը կը տեւէ 10 տարի։

Ք.Ա. 190 Մագնեսիոյ ճակատամարտէն (ուր Սելեւկեան թագաւորութիւնը ջախջախուեցաւ Հռոմի Հանրապետութեան կողմէ) եւ Աֆամիոյ հաշտութեան պայմանագիրը կնքուելէ ետք, Արտաշէսն ու Զարեհը իրենք զիրենք յայտարարեցին, որպէս անկախ թագաւորներ՝ համապատասխանօրէն Մեծ Հայքին եւ Ծոփքին։

Արտաշէսեան Հարստութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արտաշէս Ա․

Մինչեւ Արտաշէս Ա․-ի գահակալութիւնը դրացի երկիրները՝ օգտուելով Մեծ Հայքի տկարութենէն գրաւած էին անոր ծայրամասային երկրամասերը։ Արտաշէս եւ Զարեհ ձեռնմուխ եղան հայկական հողերու վերամիաւորման։ Յատկապէս եռանդուն կը գործէր Արտաշէսը։ Ան ոչ միայն վերամիաւորեց Մեծ Հայքէն գրաւուած տարածքները, այլեւ քայլեր ձեռնարկեց իր թագաւորութեան միացնելու նաեւ Ծոփքը, Կոմմագենէն եւ Փոքր Հայքը։

Արդարեւ Արտաշէս, իր թագաւորութեան սկիզբէն, արշաւանք կը ձեռնարկէ դէպի Արեւելք եւ կը հասնի Կասպից ծովու ափերը։ Ան այստեղ Մեծ Հայքին կը միացնէ Փայտակարանը եւ մինչեւ Ուրմիոյ լիճին արեւմտեան ափերուն ինկած հողերը։ Ապա արշաւանք կը ձեռնարկէ դէպի հիւսիս՝ Վիրք, որ գրաւած էր հայկական հինաւուրց Գուգարք նահանգը։ Հայոց զօրավար Սմբատ Բագրատունին կը ջախջախէ վրացական բանակը եւ կը վերադարձնէ գրաւուած տարածքները։ Վրացական կողմը կը պարտաւորուէր «դրամ կտրել Արտաշէս արքայի պատկերով» եւ զօրք տրամադրել։ Արեւմուտքին մէջ Արտաշէս գրաւեց եւ Մեծ Հայքին միացուց Կարնոյ երկրամասն ու Դերճան գաւառը։ Հարաւի մէջ երկարատեւ ու արիւնահեղ կռիւներէ ետք Արտաշէսը ազատագրեց Սելեւկեաններու կողմէ բռնագրաւուած Տմորիք երկրամասը։

Ծոփքի արքայ Զարեհի մահէն ետք, որ իր կարգին ազատագրած էր արեւմուտքի հայկական երկրամասերը, Արտաշէս փորձեց Ծոփքը նոյնպէս միացնել Մեծ Հայքին։ Այստեղ, սակայն, հանդիպեցաւ Ծոփքի դաշնակից Կապադովկիոյ յամառ դիմադրութեան, որուն հետեւանքով անորոշ ժամանակով հետաձգուեցաւ Ծոփքի միացումը։

Արտաշէսի ձեռնարկումներուն շնորհիւ հայկական տարածքներու մեծ մասը միաւորուեցաւ մէկ ընդհանուր պետութեան՝ Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ։ Այդ պատճառով է, որ յոյն պատմիչը զինք կ՝անուանէ «Մեծ Հայքին մեծ մասի կառավարիչ», իսկ մէկ այլ պատմիչ՝ յոյն աշխարհագէտ Ստրապոն կը գրէ, որ «Մեծ Հայքը... աճած է Արտաշէսի ջանՔԱրով... եւ այստեղ բոլորը միալեզու են», այսինքն՝ հայալեզու են։ Հայկական հողերու մեծ մասի միաւորումով Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը վերածուեցաւ Առաջաւոր Ասիոյ պատկառելի ուժ ներկայացնող պետութեան մը։ Իսկ Ք.Ա. 185 թուականին Արտաշէս Ա․ հիմնադրեց Արտաշատ մայրաքաղաքը։ Ք.Ա. 183 - Ք.Ա. 179 թուականներուն Փոքր Ասիոյ մէջ պատերազմ բռնկեցաւ մէկ կողմէն՝ Պոնտոսի ու Փոքր Հայքին եւ միւս կողմէ՝ Կապադովկիոյ, Պիւթանիայի ու իրենց դաշնակիցներուն միջեւ։ Մեծ Հայքը չէզոքութիւնը պահեց, բայց աշխուժօրէն ներազդեց կողմերու վրայ՝ պատերազմը դադրեցնելու համար։ Հաշտութեան պայմանագիրի կնքման, որպէս հեղինակաւոր ու յարգուած գահակալ, դատաւորի կարգավիճակով հրաւիրուեցաւ նաեւ Արտաշէս Ա․։ Դիւանագիտական նուրբ ու ճշգրիտ քայլերով Արտաշէս կրցաւ ընդարձակել Փոքր Հայքի տարածքը Պոնտոսի հաշւոյն՝ հետագային վերջինս իր թագաւորութեան միացնելու հեռաւոր ծրագիրով։ Իսկ երբ Մարաստանի Սելեւկեան սատրապը ապստամբեցաւ եւ իրեն յայտարարեց անկախ թագաւոր: Արտաշէս Ա․ Սելեւկեաններուն տկարեցնելու նպատակով անմիջապէս օգնութեան ձեռք մեկնեց իրեն։ Արտաշէս Ա․ իր յաջորդներուն ձգեց տնտեսապէս հարուստ ու բարգաւաճ եւ ռազմապէս հզօր երկիր մը։

Արտաշէս Ա․-ին յաջորդեց իւր աւագ որդին՝ Արտաւազդ Ա․-ը, որ թագաւորեց խաղաղութեամբ։ Միայն կառավարման վերջին տարիներուն բռնկեցաւ հայ-պարթեւական կարճատեւ պատերազմ մը, ուր Հայոց թագաւորութիւնը պարտութիւն կրեց։ Ք.Ա. 115 թուականին՝ անժառանգ Արտաւազդ Ա․, ստիպուած էր եղբօրորդւոյն՝ Տիգրանին, որպէս պատանդ յանձնել պարթեւներուն։

Տիգրան Մեծի պատկերով Ք.Ա. 74-ին Անտիոքի մէջ հատուած արծաթէ մետաղադրամ (Սառնակունքի գանձի հաւաքածոյ, Հայաստանի Պատմութեան Թանգարան)

Արտաւազդ Ա.-ի մահէն ետք թագաւորեց անոր կրտսեր եղբայրը՝ Տիրանը (Տիգրան Ա., Ք.Ա. 115 - Ք.Ա. 95)։ Գահաժառանգ Տիգրանը պատանդութեան մէջ մնացած է մօտ 20 տարի եւ հայրենիք վերադարձած է իր հօրը՝ Տիգրան Ա.-ի մահէն ետք։ Իր ազատութեան դիմաց ան հարկադրեալ էր Պարթեւաստանի Միհրդատ Բ. թագաւորին զիջիլ Մեծ Հայքի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Եօթանասուն հովիտներ» կոչուած տարածքը։

Հայրենիք վերադարձին Տիգրան Բ․ թագադրուեցաւ Աղձնիքի նշանաւոր սրբավայրերէն մէկուն մէջ, ուր հետագային կառուցուեցաւ Տիգրանակերտ մայրաքաղաքը։

Տիգրան Բ․ (Ք.Ա. 95 - Ք.Ա. 55) գահ բարձրացաւ 45 տարեկանին։ Իր առաջնահերթ խնդիրը հայկական բոլոր տարածքները մէկ ընդհանուր պետութեան մէջ միաւորելն էր։ Արտաշէս Ա․ հիմնականին լուծած էր այդ կարեւոր խնդիրը՝ բացառութեամբ Ծոփքի եւ Փոքր Հայքի թագաւորութիւնները։ Այժմ Տիգրան Բ․ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց շարունակելու իր պապի միաւորիչ քաղաքականութիւնը։ Ք.Ա. 94-ին Տիգրանի բանակները մտան Ծոփք եւ միացուցին այն Մեծ Հայքի թագաւորութեան։ Ծոփքի թագաւորը սպանուեցաւ. Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը դուրս եկաւ Եփրատի ափերը։ Գետին այն կողմը կը տարածուէր Կապադովկիոյ թագաւորութիւնը, որ շուտով հանդիսացաւ Տիգրան Բ․-ի ուշադրութեան կեդրոնը։ Հայկական բոլոր հողերը միաւորելու համար անհրաժեշտ էր Մեծ Հայքին միացնել նաեւ Փոքր Հայքը։ Սակայն մինչեւ այդ այն միացուած էր Պոնտոսի թագաւորութեան։ Վերջինս Փոքր Ասիոյ հզօր պետութիւններէն էր, ունէր լաւ մարզուած ու մարտունակ բանակ։ Պոնտոսի թագաւորը եռանդուն էր զօրավար Միհրդատ Զ․ Եւպատորը։ Իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան Հռոմի դէմ հետեւողական պայքար մղած է Փոքր Ասիոյ մէջ մեծ հելլենիստական պետութիւն մը ստեղծելու նպատակով։ Այդ ուղղութեան գլխաւոր խոչընդոտը Հռոմն էր, ուստի իր հակահռոմէական պայքարին մէջ Միհրդատը որոշեց դաշնակցիլ հայերուն հետ։ Այդ շրջանին թէեւ Տիգրան Բ․-ը Հռոմի հետ որեւէ վիճելի խնդիր չունէր, սակայն, աշխարհակալական ծրագիրներ հետապնդելով, կողմնակից էր երկու երկիրներու մերձեցման։ Ահա թէ ինչո՞ւ Տիգրան Բ․ ու Միհրդատ Պոնտացին արագ համաձայնութեան եկան իրարու հետ։

Ք.Ա. 94 թուականին Արտաշատ ժամանեցին պոնտական բանագնացները։ Կնքուեցաւ հայ-պոնտական պայմանագիր, որուն համաձայն՝

  1. Մեծ Հայքը գործողութիւններու ազատութիւն կը ստանար հիւսիսի, հարաւի եւ արեւելքի մէջ, իսկ Պոնտոսը՝ արեւմուտքի մէջ։
  2. Կողմերը միացեալ ուժերով յարձակելու էին Կապադովկիոյ վրայ, որուն տարածքը պէտք է ստանար Պոնտոսը, իսկ շարժական գոյքը եւ բնակչութիւնը՝ Մեծ Հայքը։
  3. Դաշինքն ամրապնդելու նպատակով Միհրդատն իր դուստր՝ Կղէոպատրան կնութեան տուաւ Տիգրան Բ․-ին։
Տիգրանի կայսրութեան տարածքը կ՛երկարաձգուէր Կովկասէն մինչեւ Եգիպտոս, Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական
Տիգրանի կայսրութեան տարածքը կազմող երկիրները. 1 միլիոն քմ²

Հաւատարիմ հայ-պոնտական դաշինքին՝ Ք.Ա. 93 թուականին հայկական զօրՔԱրը ներխուժեցին Կապադովկիա եւ գրաւեցին այն։ Ճիշդ է, Հռոմի զինուած միջամտութեամբ յաջողուեցաւ վերականգնել Կապադովկիոյ թագաւորութիւնը, սակայն վերջինս մեծապէս տկարացաւ, իսկ Հայոց թագաւորութիւնը ձեռք բերաւ հսկայական աւար եւ մեծ թիւով գերիներ։ Մեծ Հայքի թագաւորութեան եւ Պոնտոսի մերձեցումը, հայերու ռազմատենչ գործողութիւնները Կապադովկիոյ մէջ ստիպեցին Հռոմին մերձենալու Պարթեւաստանին։ Իրենց միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր, որ ուղղուած էր Մեծ Հայքին ու Պոնտոսին դէմ։ Տիգրան Բ․-ի նուաճողական ծրագիրներու իրականացման կը խանգարէր յատկապէս Պարթեւաստանը, որուն թագաւորը Միհրդատ Բ․-ը կը կամենար գերիշխանութիւն հաստատել Հայկական թագաւորութեան նկատմամբ։ Սակայն Միհրդատ Բ․-ի կեանքի վերջին տարիներուն սկսած ներքաղաքական պայքարի հետեւանքով թագաւորական իշխանութիւնը Պարթեւաստանի մէջ զգալիօրէն տկարացաւ։ Իսկ երբ մահացաւ Միհրդատ Բ․-ը, Տիգրանը անմիջապէս յարձակեցաւ Պարթեւստանի վրայ եւ առաջին կարգին վերադարձուց հայկական «Եօթանասուն հովիտներ»ը։ Այնուհետեւ հայկական զօրՔԱրը մտան Պարթեւստանին ենթակայ Ատրպատականի թագաւորութիւն եւ առանց մեծ դժուարութեան գրաւեցին այն։ Շարժուելով հարաւ-արեւելք՝ հայկական բանակը գլխաւորապէս ջախջախեց պարթեւներու զօրքը եւ պաշարեց պարթեւական թագաւորներուն ամառնային նստավայր Էքպաթանը։ Պարթեւական թագաւոր Գոտերձ Բ․-ը ստիպուած հաշտութիւն խնդրեց։ Հաշտութեան պայմանագիրին համաձայն պարթեւները, յօգուտ Մեծ Հայքի, կը հրաժարէին Մարաստանէն եւ Հիւսիսային Միջագետքէն՝ պահելով միայն Էքպաթան մայրաքաղաքը։ Շատ կարեւոր է, որ պարթեւաց արքան հրաժարած էր նաեւ «արքայից արքայ» տիտղոսէն, որ այնուհետեւ պիտի կրէին Տիգրանն ու անոր յաջորդները։ Այդպիսով պարթեւները փաստօրէն կը ճանչնային Հայոց թագաւորութեան գերիշխանութիւնը։

Այնուհետեւ, հայկական բանակը յաջորդաբար գրաւեց Կորդուքը, Ադիաբենէն, Միգդոնիան, Օսրոյենէն։ Հիւսիսային Միջագետքի գրաւումով Տիգրան Բ․-ի տիրապետութիւնը ընդհուպ սահմանակից դարձաւ Սելեւկեան պետութեան։ Իրենց կը բաժնէր միայն Եփրատ գետը։ Երբեմնի հզօր Սելեւկեան թագաւորութիւնը կ՝ապրէր խոր ճգնաժամ։ Միմեանց յաջորդող ու անընդհատ կրկնուող ներքին պատերազմները ծայր աստիճան տկարացուցին երկիրը, ուր հանդէս եկած էին 3-4 գահակալներ։ Չկարողանալով յաղթահարել այդ ճգնաժամը՝ երկրի աւագանին, ելքը կը տեսնէր արտաքին որեւէ տիրակալի իշխանութիւնը ընդունելու մէջ։ Ի վերջոյ ընտրութիւնը կանգ առաւ Հայոց թագաւոր Տիգրան Բ․-ի թեկնածութեան վրայ, որուն առաւելութիւնը, պատմիչի խօսՔԱրով՝ «ռազմական հզօր ուժ ունենալն էր»։

Ք.Ա. 84-ին հայկական բանակները առանց նետ իսկ արձակելու մտան Ասորիք։ Տիգրանը Անտիոքի մէջ բազմեցաւ Սելեւկեաններու գահին ու այնտեղ խաղաղութեամբ իշխեց 17 տարի։

Ասորիքի (Սուրիոյ) միացումը հնարաւորութիւն ստեղծեց գրաւելու Կոմմագենէն եւ Կիլիկիան, եւ ապա՝ նաեւ Փիւնիկը։ Ի վիճակի չըլլալով դիմադրելու Հայոց թագաւորի բանակներուն՝ Մեծ Հայքի գերիշխանութիւնն ընդունեցին Հրէաստանը եւ քանի մը այլ երկիրներ։ Տիգրանին յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ միայն Միջերկրականի ծովափնեայ քաղաքները, որոնցմէ վերջինը՝ Պտղոմայիսը, ան գրաւեց միայն Ք.Ա. 71 թուականին։ Այստեղ գերի վերցուեցաւ Սելեւկեան Սելենէ թագուհին, որ հետագային մահապատիժի ենթարկուեցաւ Տիգրանի կարգադրութեամբ։

Հայկական տիրապետութեան սահմանները հասան Եգիպտոս, եւ այն ներկայացաւ Հայոց տիրապետութեան հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ, իսկ Պտղոմէոս 12-ը գահ բարձրացաւ հայոց թագաւորին օգնութեամբ։ Դժուար չէ տեսնել, որ Տիգրանը այդ երկրի նկատմամբ ունէր որոշակի ծրագիրներ, որոնք սակայն չիրականացան քաղաքական իրադրութեան կտրուկ փոփոխութեան պատճառով։

Տիգրան Մեծի նուաճումներու հետեւանքով Առաջաւոր Ասիոյ մէջ ստեղծուեցաւ աշխարհակալ նոր տիրապետութիւն մը։ Ան կը տարածուէր Եգիպտոսէն մինչեւ Կովկասեան լեռներ եւ Միջերկրական ծովէն մինչեւ Կասպից ծով։ Իր գերիշխանութիւնը կ՛ընդունէին մինչեւ Միջին Ասիա եւ Հնդկաստան ինկած երկիրներն ու ցեղերը։ Այդ տիրապետութեան մէջ կը մտնէին Աղուանքը, Վիրքը, Ատրպատականը, Ադիաբենէն, Օսրոյենէն, Կոմմագենէն, Ասորիքը, Փիւնիկը, Դաշտային Կիլիկիան եւ այլ երկիրներ։ Տիգրան Մեծի գերիշխանութիւնը կ՝ընդունէին շարք մը այլ թագաւորութիւններ՝ Պարթեւաստանը, Հրէաստանը, Անդրկասպեան սկիւթներն ու Պարսից ծոցի արաբական ցեղերը։ Ինչպէս յոյն պատմիչը կը հաւաստիացնէ, որ Տիգրան Բ․-ի իշխանութեան մէջ կը խօսէին 15-էն աւելի լեզուներով։

Տիգրան Մեծի տիրապետութիւնը հելլենիստական պետութիւն էր՝ յիշեցնելով Ալեքսանտր Մակետոնացիի եւ Սելեւկեաններու իշխանութիւնները։ Հայկական տիրապետութիւնը բազմազգ եւ զարգացման ամենատարբեր աստիճաններու վրայ գտնուող երկիրներու ամբողջութիւն մըն էր։ Բնականաբար, տիրապետութեան կորիզը կը կազմէր Մեծ Հայքը, ուր կը բնակէր հայ ժողովուրդի հիմնական զանգուածը, եւ ուր կը գտնուէին իշխանութեան քաղաքական ու տնտեսական նշանաւոր կեդրոնները[1]։

Իշխանութեան տնտեսապէս ամէնէն զարգացած շրջանը Ասորիքն էր՝ իր աշխարհահռչակ Անտիոք մայրաքաղաքով։ Միջազգային տարանցիկ առեւտուրի կարեւոր կեդրոններ էին Փիւնիկի վաճառաշահ Տիւրոս (Սուր, Greek: Τύρος, Týros անգլ՝ Tyre Arabic: صور), Պիպլոս (Byblos, in Arabic Jubay), Պէյրութ (Beirut), Սիտոն (Սայտա, Sidon or Saïda) քաղաքները։ Հարուստ ու հռչակաւոր էին նաեւ Դաշտային Կիլիկիոյ Տարսոն, Ատանա եւ այլ քաղաքները։ Ասորիքի կառավարչապետ նշանակուեցաւ Տիգրան Բ.-ի մերձաւոր զինակից Բագարատը, որուն նստավայրը Անտիոքն էր։ Երկրագործութեան եւ արհեստագործութեան նշանաւոր կեդրոն էր Հիւսիսային Միջագետքը, որուն կառավարիչն էր Տիգրան Բ.-ի կրտսեր եղբայր Գուրասը (իմացի՛ր Գոռ)։ Վերջինիս նստավայրն էր Մծբինը։ Նշուած երկիրները Հայկական տիրապետութեան կազմին մէջ ունէին տարբեր կարգավիճակներ։ Տիգրան Մեծ իր նուաճած երկիրներուն մէկ մասը կը դարձնէ իրեն ենթակայ թագաւորութիւններ։ Սուրիան բաժին չդարձուց իր թագաւորութեան, բայց միեւնոյն ատեն Տիգրանը ինքզինք հռչակեց նաեւ Սուրիոյ թագաւոր։ Միւս երկիրները վերածուեցան նահանգներու, որոնք կը կառավարէին արքայից արքայի կողմէ նշանակուած փոխարքաները կամ կուսակալները[2]։

Նուաճուած երկիրները պարտաւոր էին հարկ վճարել եւ զօրք տրամադրել։ Զօրք կը տրամադրէին նաեւ Մեծ Հայքի քաղաքական ազդեցութեան ոլորտին մէջ գտնուող Վասալ թագաւորները եւ հպատակ ցեղերը։

Այսպէսով, Տիգրան Բ.-ը դարձաւ Առաջաւոր Ասիոյ մեծագոյն մասին տիրակալը։ Հայոց տիրապետութեան մէջ անմիջականօրէն մտնող եւ իր քաղաքական ազդեցութեան ու գերիշխանութեան ներքոյ գտնուող տարածքը կը կազմէր շուրջ 3 միլիոն քմ², որ կը գերազանցէր Մեծ Հայքի տարածքը (300, 000 քմ²) տասն անգամ[1][3]։ Իսկ Տիգրանի գերիշխանութեան կորիզը կը կազմէր 1,000,000 քմ² տարածքով իշխանութիւն, որուն մէջ կը մտնէին Մեծ Հայքի թագաւորութիւնն ու իր հարեւան կովկասեան, միջագետքեան եւ միջերկրածովեան երկիրները[2]։

Տիգրան Մեծի կայսրութիւնը՝ իւր հզօրութեան գագաթնակէտին

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Տիգրան Մեծ, Տիգրան Մեծի գահակալության 2100-ամյակին նվիրված միջազգային գիտաժողովի նյութերի ժողովածու, ՀՀ Գիտությունների ազգային ակադեմիայի հրատարակչություն, Երեւան, 2011 թ., էջ 30-31 եւ այլն
  2. 2,0 2,1 Տիգրան Մեծ, Տիգրան Մեծի գահակալության 2100-ամյակին նվիրված միջազգային գիտաժողովի նյութերի ժողովածու, ՀՀ Գիտությունների ազգային ակադեմիայի հրատարակչություն, Երեւան, 2011 թ.
  3. Հայաստանի Ազգային Ատլաս, հատոր Բ, Երեւան, 2008 թ.