Jump to content

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն (ՄԿՀ)
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ
Նիկոսիա
Կիպրոս
Տեղեկութիւններ

Միջնակարգ-Երկրորդական Գիտական/Առեւտրական

Գիշերօթիկ/Ցերեկեայ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն (ՄԿՀ), նախկին երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, Նիկոսիա, Կիպրոս:

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս մեծ աւանդ ունեցած երկրորդական երկսեռ վարժարան էր մինչեւ 2005:

Հիմնուած ազգային բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ, 78 տարիներու ընթացքին բարձր մակարդակի ուսում պարգեւած ու դաստիարակած է շուրջ 40 երկիրներէ ժամանած հայ պատանիներ:

Ժամանակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

15 Փետրուար 1924-ին հիմնաքարը կը դրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, Նիկոսիայէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլրակի մը վրայ։ Աշխատանքները կը սկսին եգիպտահայ ճարտարապետ՝ Կարօ Պալեանի նախագիծին հիմամբ: Համալիրը կը համախմբէ զոյգ եռայարկ դպրոցական շէնքեր, բարերարին մենատունը, հիւանդանոց, ուսուցիչներու բնակարաններ, 35 մեթր բարձրութեամբ ջրամբար, խոհանոց, լուացարան, բաղնիք, մառան, արհեստանոց, մեքենատուն ու գոմ:

Շինարարական աշխատանքները կ'աւարտին Դեկտեմբեր 1926-ին: Փետրուար 1926-ին բացումը կը կատարուի տղոց, իսկ Մայիսին՝ աղջկանց շէնքերուն:

Ընդհանուր պատկեր հիմնադրութեան օրերէն

Շնորհիւ Պոլսոյ Պատրիարք՝ Զաւէն Եղիայեանի ազգանուէր աշխատանքին, Սեպտեմբեր 1926-ին Մեծ Եղեռնի հետեւանքով որբացած հազարաւոր հայորդիներէն 150-ը բախտը կ'ունենան հաւաքուելու այս նորակառոյց որբանոցին մէջ, վերատեսչութեամբ Զաւէն Պատրիարքին եւ տնօրէնութեամբ Լեւոն Թաշճեանի:

1927-ին բացումը կը կատարուի մատենադարանին ու ընթերցասրահին: Նոյն տարին կը կազմուի Հաստատութեան երգչախումբը խմբավարութեամբ Բարսեղ Կանաչեանի:

Աւելի ուշ կը կառուցուին նաեւ մարզադաշտեր, հովոց, տպարան եւ օժանդակ շինութիւններ:

1928-ին տեղի կ'ունենայ Ա. դաշտահանդէսը (մարզահանդէս), որ աւանդութեան վերածուելով կը շարունակուի տասնամեակներ շարունակ:

1930-ին Հաստատութիւնը կու տայ իր առաջին շրջանաւարտները:

1934-ին, դպրոցին կրթական աստիճանը նախակրթարանէն կը բարձրացուի երկրորդական վարժարանի ու կը բացուի վարժապետանոցը, տեսչութեամբ Վահան Թէքէեանի, որուն կը յաջորդէ Պօղոս Գէորգեան:

Ապրիլ 1937-ին կը հրատարակուի «Այգ» տարեգիրքը, որ որոշ ընդհատումներով (1981-1993), կը շարունակուի մինչեւ 2004:

1938-ին կը հիմնուի «ՄԿՀ Արիներ» սկաուտական խումբը:

Նոյն տարին կը բացուի առեւտրական ուսմանց բաժինը:

1940 Մարտին, Կիպրոսի կառավարութիւնը Մելգոնեանը կը ճանչնայ իբրեւ երկրորդական վարժարան:

1950-ին կը հիմնուի Արենուշական շարժումը:

1952-ին, Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ կը նշուի Հաստատութեան քսանհինգ ամեակը:

1955-ին բացումը կը կատարուի բարերարներու դամբարանին (ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան, քանդակագործ՝ Լեւոն Մուրատօֆ), ուր կ'ամփոփուին բարերար եղբայրներուն աճիւնները:

1956-ին Մելգոնեանի սաները կը սկսին մասնակցիլ անգլիական GCE քննութիւններուն:

1963-ին ՄԿՀ կը դառնայ նոյն քննութիւններուն պաշտօնական կեդրոնը:

1974-ին թրքական արշաւանքին հետեւանքով, Մելգոնեանի տարածքին ու շէնքերուն վրայ կ'իյնան ռումբեր, որոնք նիւթական մեծ վնասներ կը պատճառեն:

1983-ին խումբ մը մելգոնեանցի սաներ կ'այցելեն Հայաստան, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով:

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան համայնապատկերը՝ 1986-ին։

1984-ին հիմը կը դրուի «Հայ Մշակոյթի Շաբաթ»ուան տօնակատարութիւններուն, որոնք կը յարատեւեն մինչեւ 1993:

1986-ին, Հաստատութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւան, Աթէնք եւ Լոս Անճելըս, հանդիսաւորապէս կը նշուի ՄԿՀ վաթսունամեակը:

1986-ին կը վաճառուի դպրոցին քառորդ տարածքը (62,189 քառակուսի մեթր): Վաճառքին նպատակը կ'ըլլայ հասոյթը ներդնել նոր մասնաշէնքի մը, գոց մարզադաշտի մը եւ առեւտուրի կեդրոնի մը շինարարութեան: Առեւտուրի կեդրոնէն յառաջացած եկամուտը նեցուկ պիտի կանգնէր դպրոցին, թեթեւցնելով անոր տնտեսական դժուարութիւնները: Վերջին տարիներուն, այդ Կեդրոնէն ստացուած վարձքերը բաւարար էին նիւթապէս պահելու համար դպրոցը:

Հոկտեմբեր 1986-ին, հաստատութեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սեպուհ Աբգարեանին, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին հրաւէրով կ'այցելէ Հայաստան, ուր 10 համերգներ կու տայ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

1989-ին կ'աւարտին գիշերօթիկին նոր մասնաշէնքերուն, ուսուցչաց բնակարաններուն եւ գոց մարզադաշտին շինարարական աշխատանքները:

1996-ին հանդիսաւորապէս կը նշուի ՄԿՀ 70-ամեակը:

Յունիս 1998-ին լոյս կը տեսնէ «Հայեացք» քառալեզու ամսաթերթին առաջին թիւը:

16 Մարտ 2004-ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իրեն յատուկ պատճառներով որոշում կու տայ փակելու դպրոցը: Այդ տարին դպրոցը ունէր շուրջ 250 աշակերտ:

17 Մարտ 2004-ին, Հաստատութեան դարպասներուն մօտ տեղի կ'ունենայ բողոքի ցոյց մը, ի դէմ Հաստատութիւնը փակելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան որոշման:

24 Մարտ 2004-ին, Կիպրոսի Խորհրդարանը միաձայն քուէարկութեամբ կը մերժէ ՄԿՀ-ի փակումը:

2 Ապրիլ 2004-ին, Կիպրոսի Ներքին Գործոց Նախարարութեան քաղաքաշինութեան բաժանմունքը, առաջքը առնելու համար Մելգոնեան կալուածին հաւանական վաճառքին ու ձեւափոխումին, զոյգ շէնքերը կը հռչակէ «ազգային ժառանգութիւն», իսկ որբերուն ցանած պուրակը՝ «կանաչ գօտի»:

2004 Մայիս 27-ին, Հաստատութեան ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները գործադուլ կը յայտարարեն, բողոքելով փակման որոշումին դէմ:

Յունիսի 2005-ին, 78 տարի շարունակ, «նահատակուած մեր ցեղին տալով զաւակներէն լաւագոյնն ու բարին», Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ «Տաճարն սրբանուէր թանկագին» կը մարէ լոյսերը «ճշմարտութեան, բարիին»..., ազգին ու հայրենիքին տուած ըլլալով 1650 շրջանաւարտներ (ներառեալ 2006-ի ու 2007-ի շրջանաւարտները), որոնք իրենց ուսումը կ'ամբողջացնեն American Academy-ին մէջ:

  • Գերաշնորհ Զաւէն Արք. Տէր Եղիայեան
  • Լեւոն Թաշճեան (աւագ ուսուցիչ)
  • Գրիգոր Կիրակոսեան
  • Յակոբ Թոփճեան
  • Դանիէլ Ոսկեան
  • Բիւզանդ Եղիայեան
  • Խաչեր Գալուստեան
  • Ասատուր Պետեան
  • Սօսի Պոյաճեան-Պետիկեան
  • Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան
  • Արթօ Այվազեան (աւագ ուսուցիչ)
  • Վահէ Կապուչեան
  • Անդրանիկ Տագէսեան (աւագ ուսուցիչ)
  • Յակոբ Գասպարեան
  • Անի Լաչինեան-Մակարեան

Անմահ լուսոյ, ճշմարտութեան, բարիին
Տաճարն է այս սրբանուէր թանկագին.
Ան մեզ տուաւ նահատակուած մեր ցեղին
Զաւակներէն լաւագոյնը ու բարին։

Օ՛ն, ողջունենք անձկագին,
Մեծ Բարերարն ազգային,
Ու իր կանգնած կրթական
Այս Տաճարը պատուական։

Ձեռք ձեռքի տանք մենք քոյր-եղբայր կաթոգին,
Միշտ դէպի վեր, դէպի յառաջ խմբովին,
Ու մեր սիրտը թո՛ղ արեւով ու լոյսով
Հարուստ ըլլայ, առաքինի, անխռով։

Օ՛ն, ողջունենք անձկագին,
Մեծ Բարերարն ազգային,
Ու իր կանգնած կրթական
Այս Տաճարը պատուական։

Ըլլանք հպարտ աշխատանքով կորովի,
Արուեստներու ու գիտութեան ծարաւի,
Յարկն այս վըսեմ, Ազգիս տունը լուսեղէն,
Շող մը կաթէ մե՛ր մտքին մէջ իր սրտէն։

Փա՛ռք ու պատի՛ւ յաւիտեան՝
Լուսոյ անշէջ վառարան՝
Կրթարանին Մելգոնեան,
Փա՜ռք ու պատի՜ւ յաւիտեան:


Յիշողութեան պուրակ (առջեւի անտառ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական մուտքին երկու կողմերը, աղջկանց եւ տղոց շէնքերուն դիմաց, ցանուած են հազարաւոր նոճիներ: Այս պուրակը զգացական եւ պատմական մեծ արժէք ունի ողջ հայութեան համար, որովհետեւ ցանուած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ Եղեռնը ապրած որբերու կողմէ, եւ աշխարհի մէջ միակն է ուր կենդանի պուրակով մը յարգուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Մելգոնեան հաստատութեան գրադարանը կը հաշուէր աւելի քան 30,000 հատոր գիրք, ընդ որում ձեռագիր մատեաններ:

Մելգոնեան եղբայրներու դամբարանը

Կարապետ Մելգոնեան կը մահանայ Յուլիս 1934-ին , 85 տարեկանին, Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուրկէ զմռսուած մարմինը կը փոխադրուի Նիկոսիա ու մեծ շուքով կ'ամփոփուի զոյգ շէնքերուն միջեւ գտնուող դամբարանին մէջ։ Ինը ամիս ետք, նոյն հանգստարանին մէջ կը զետեղուին նաեւ Գրիգոր Մելգոնեանին աճիւնները: 1955-ին կը կառուցուի մարմարեայ դամբարան մը՝ (ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան, քանդակագործ՝ Լեւոն Մուրատօֆ), ուր կայ խաչքար մը, բարերարներու կիսանդրիները, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Անմահ Բարերար Գրիգոր Մելգոնեան 1842-1920», «Անմահ Բարերար Կարապետ Մելգոնեան 1849-1934»: Դամբարանը կ'ըլլայ ուխտավայր՝ իւրաքանչիւր Մելգոնեանցիի համար, ուր ամէն տարուան 14 Յունուարին՝ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին, աշակերտութիւն եւ ուսուցչակազմ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանէին Մելգոնեան անզուգական բարերարներու անմոռաց յիշատակին:

Մելգոնեանցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապրելով նոյն յարկին տակ, ստանալով նոյն կրթութիւնը, Մելգոնեանցիները կը դրսեւորեն ընդհանուր բնաւորութիւններ, որոնք բնորոշ են մելգոնեանցիներուն: Իրարու հանդէպ ունին ընկերա-ընտանեկան կապեր: Եթէ մելգոնեանցիներ իրարու հանդիպին, անկախ տարիքի կամ ընկերային դիրքի տարբերութեան. մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի: Մելգոնեանցիներ խումբով կամ առանձին կ'այցելեն Մելգոնեան, վերապրելու դպրոցական շրջանի յուշերը:

Տարբեր գաղութներու մէջ կը գործեն ՄԿՀ Սանուց Միութիւններ, որոնք, մինչեւ դպրոցին յանիրաւի փակումը, տարբեր գործունէութիւններով օգտակար կ'ըլլային Հաստատութեան, իսկ 2005-էն ետք, անոնք կը փորձեն դատական միջամտութեամբ վերաբանալ դպրոցը: Առ այսօր, ՄԿՀ Սանուց Միութիւններ, վառ կը պահեն Մայր Կրթարանին վաստակը զանազան աշխատանքներով: Առաւել գործունեայ աշխատանք կը ծաւալեն Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի Սանուց Միութիւնները:

  • 1979-1980 տարեշրջանին, հիւանդանոց տանող ճամբուն աջ կողմը, Պարոն Սեպուհ Աբգարեան կը կանգնեցնէ հայոց Այբուբենը ներկայացնող յուշարձան մը: Անիկա բաղկացած է երկու բարձր աւազաքար վահանակներէ, ուր փորագրուած են հայերէնի գիրերն ու հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը. «Ճանաչել զԻմաստութիւն եւ զխրատ, Իմանալ զԲանս Հանճարոյ»:
  • 1990-1991 տարեշրջանին Վահէ Կապուչեանի թելադրանքով, հայրենի քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեան կը քանդակէ Հայ ժողովուրդին եօթը հանճարներուն արձանները: Անոնց վրայ համապատասխանաբար կը կարդանք հետեւեալները:
    • Hovhannes Aivazovsky - Յովհաննէս Այվազովսկի (1817-1900) Great Armenian marine painter - Մեծ Հայ ծովանկարիչ
    • Hagop Meghabard - Յակոբ Մեղապարտ (15th-16th century) First Armenian printer - Առաջին Հայ տպագրիչ
    • Gomidas Vartabed - Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935) Great Armenian musician, composer and conductor - Մեծ Հայ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար
    • Մեսրոպ Մաշտոց 405 (Mesrob Mashdots 405)
    • General Antranik Ozanian - Զօրավար Անդրանիկ Օզանեան (1865-1927) Armenian National Hero, freedom fighter and military commander - Հայ Ազգային Հերոս ազատամարտիկ եւ հրամանատար
    • Vahan Tekeyan - Վահան Թէքէեան (1878-1948) Great Armenian poet and Melkonian teacher - Մեծ Հայ բանաստեղծ եւ Մելգոնեանի ուսուցիչ
    • Movses Khorenatsi - Մովսէս Խորենացի (410-490) Great Armenian historian of the “Golden Century” - Ոսկեդարի մեծ Հայ պատմիչ
  • Լեւոն Թոքմաճեան կը քանդակէ նաեւ Հ. Բ. Ը. Միութեան նախագահ Ալեք Մանուկեանի արձանը, որ տեղադրուած է նոր մասնաշէնքին դիմաց: Վրան կարելի է կարդալ հետեւեալը:
    • Ալեք Մանուկեան - Alex Manoogian
  • Գոյութիւն ունէր նաեւ յուշարձան մը սկաուտական տաղաւարին քովը, որ կը խորհրդանշէր փոքրերու պաշտպանութեան եւ մեծերուն հնազանդելու արժէքները: Անիկա բաղկացած էր իրարու վրայ խոնարհած երկու սիւներէ:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։