Ճանճ
Ճանճ (լատիներէն՝ Musca), մանր ու միջին մեծութեան միջատ (մարմինին երկարութիւնը՝ քանի մը միլիմեթրէն մինչեւ 15 մմ)։
Մարմինը գլխաւորաբար մոխրագոյն է կամ սեւ, հազուադէպ՝ դեղին կամ մետաղի կապոյտ։ Ունի 1 զոյգ թափանցիկ թեւեր, հազուադէպ անթեւ են։ Գլուխը, կուրծքը եւ ոտքերը ծածկուած են բազմաթիւ մազիկներով ու խոզաններով։ Բերանը լզող-ծծող է, պեխիկները կարճ են։
Ճանճերէն ամէնէն տարածուածը եւ մարդու մշտական ուղեկիցը սենեկային ճանճն է:
Ճանճը հիւանդութիւններ փոխադրող
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տան սովորական ճանճերը դարերու ընթացքին հիւանդութեանց գլխաւոր տարածիչները եղած են:
Այս մակաբոյծին հասցուցած չարիքները մարդկութիւնը ընբռնած էր շատ կանուխէն: Փիւնիկեցիները եւ յոյները, մասնաւոր աստուածներ ունէին, որոնք կը պաշտպանէին զիրենք ճանճերու դէմ:
Միջին դարուն, երբ ժանտախտը աշխարհի շրջանը կ'ընէր, այդ օրերուն բժիշկները գտած էին, որ ճանճն է գլխաւոր պատճառը միլիոնաւոր մարդոց մահուան:
Այս փոքրիկ պատուհասը որքան վտանգաւոր, նոյնքան եւ դիմացկուն միջատ մըն է, այդ պատճառով ալ դժուար կ'ազդուի բնութեան պայմաններէն:
Կարգ մը գլխաւոր հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ թիֆոյիտը, տիզանթէրին, մարսողական գործարաններու խանգարումները, եւ այլն, առաւելապէս կը տարածուին ճանճերու միջոցով: Նոյնիսկ կարծիքներ կան, որ Փօլիոյի, (մանկական անդամալուծութիւն) համաճարակներուն մէջ ալ դեր մը ունի այս միջատը:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, մարդիկ կ'ենթադրեն, թէ գտնուած է վճռական դեղ մը՝ «D.D.T.», որ կոչուած պիտի ըլլար փճացնելու ճանճերն ու այլ մակաբոյծները: Սակայն, ժամանակի ընթացքին, ճանճը կը յաջողի իր մէջ դիմացկունութիւն մը զարգացնել այս դեղին եւ նոյնիսկ նոր եւ աւելի զօրաւոր միջատասպան դեղերու հանդէպ:
Ճանճը չի բաղդատուիր այլ միջատներու հետ: Այս մակաբոյծը, որ կ'իջնէ ուտելիքներու վրայ, բեռնաւորուած է անհամար մանրէներով: Այս չէ միայն վտանգաւորը, կարեւորը այն է, որ ճանճը չի կրնար մարսել կարծր ուտելիքները, եւ այդ պատճառով ալ նախքան ուտելը՝ բերանէն դուրս կը բերէ ուտելիքները կակուղցնող հեղուկ մը: Պարզ է, որ այս կերպով ան իր ամբարած մանրէները կը տարածէ ամէն տեսակ սննդեղէններու վրայ:
Ճանճին ոտքերը նոյնպէս մանրէներ փոխադրելու յատկութիւնը ունին: Երբ զանոնք դնեն մանրադէտի մը տակ, կարելի է տեսնել, որ մազոտ են անոնք ու բեռնաւորուած աղտոտութիւններով:
Ճանճերու դէմ պայքար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճանճերու դէմ առաջին լուրջ պայքարը կը սկսի 1900-ին, երբ կը հնարուէր կպչուն թուղթը: Երկար այս ժապաւէնները կը դրուէին ամէն տեղ, իբրեւ տեսակ մը թակարդ: Սակայն շուտով այս միջոցն ալ անբաւարար նկատուելով, շատեր կը սկսին ցանցապատել իրենց դռներն ու պատուհանները:
Հակառակ այս արգելիչ միջոցներուն, ճանճերը իրենց արտակարգ յամառութեամբ, թէեւ նուազ թիւով, սակայն, դարձեալ կը յաջողէին անցնիլ տուներէն ներս:
Բազմաթիւ երկիրներու առողջապահական սպասարկութիւնները, երկար քննութիւններէ ետք, եկած են այն եզրակացութեան, որ վերոյիշեալ միջոցները բաւարար չեն՝ յաջողապէս պայքարելու համար ճանճերուն դէմ:
Փաստուած է նաեւ, որ միջատասպան դեղերը, թէեւ որոշ վնաս մը կը հասցնեն ճանճերուն, սակայն, միեւնոյն ատեն կը փճացնեն նաեւ այլ զանազան տեսակի միջատներ, որոնք օգտակար են երկրագործութեան մարզին մէջ:
Ներկայիս ճանճերու դէմ պայքարը առաջ կը տարուի ոչ միայն զանոնք փճացնելով, այլ մէջտեղէն վերացնելով այն պայմանները, որոնք ճանճերու ծնունդ կու տան:
Պարզ իրողութիւն մըն է, որ ճանճերը ծնունդ կ'առնեն ու կը բազմանան աղտոտութիւններէն, հետեւաբար, զանոնք արմատապէս փճացնելու միակ միջոցը մաքրութիւնն է:
Բազմացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցոյց տալու համար թէ ճանճերը աղտոտութիւններու մէջ ո՛ր աստիճան կը բազմանան, նկատի պէտք է ունենալ հետեւեալ թիւերը.-
Սովորական ճանճի զոյգ մը, Ապրիլէն Օգոստոս, վեց ամսուան ընթացքին, նպաստաւոր պայմաններու մէջ, կրնան ծնունդ տալ 191 քէնլիլիոն ճանճերու:
Իւրաքանչիւր էգ ճանճ, վեց ամսուան մէջ քսան անգամ կ’ածէ 100-ական հաւկիթ: Այս հաւկիթները 48 ժամէն ծնունդ կու տան ճանճերու բանակի մը, որոնք իրենց կարգին շուտով կը սկսին սերնդագործել:
Այս կերպով պարզ կը դառնայ ուրեմն, որ կարեւորը մէջտեղէն վերցնելն է այն պայմանները, որոնց մէջ կրնան ճանճերու հաւկիթները ապրիլ:
Այս ահաւոր չարիքին դէմ պայքարը երկու ճակատ ունի,- առաջինը պետութեան գործն է, որ առաջ պէտք է տարուի՝ փողոցներու եւ հանրային վայրերու մաքրութեամբ, իսկ երկրորդ ճակատը, որ աւելի կարեւոր է, կ'իյնայ իւրաքանչիւր մարդու կարողութեան սահմաններուն մէջ, եւ որուն արդիւնքը կ'ըլլայ անմիջական[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Դպրոցական մեծ հանրագիտարան, գիրք 1, հատոր 2, ՀՀՀ, Ե. 2008 էջ 128–129