Հրաչեայ Ներսիսեանը ծնած է 1895-ին, Պոլսոյ մօտիկ Նիկոմեդիա(յուն․՝ Νικομήδεια, ներկայիս՝ Իզմիթ) փոքրիկ քաղաքը։ Հայրը՝ Ներսէսը, փոքր ընտանիքի տէր արհեստաւոր մարդ, կը կարենայ իր միակ զաւկին ուսումը ապահովել։ Հրաչեան կը սորվի ֆրանսական «Սեն-Պարպ» քոլէճը, ամերիկեան «Ռոպերդ Քոլէճը» եւ հայկական «Եսայեան վարժարանը», բայց ոչ մէկը չ'աւարտեր։ Այս անկանոն կրթութիւնը ապագայ դերասանին կու տայ լեզուներու գիտութիւն, ֆրանսական եւ անգլիական հեղինակներու երկերը բնագրով կարդալու հնարաւորութիւն։
Արուեստասէր Գրիգոր պապի (մօրաքրոջ ամուսինին) տունը կը հաւաքուէին գրողներ ու արուեստասէր մարդիկ։ Շատ յաճախ՝ Դանիէլ Վարուժանը։ Պատանի Հրաչեան անոնց զրոյցներու մշտական ունկնդիրն էր։ Անոր կը վիճակուի լսել ու ծանօթանալ Կոմիտասին, իրենց իսկ տան մէջ, ուր ապրած էր մեծ երաժիշտը։
1914-1918 Հրաչեան կը զինակոչուի իբրեւ թրքական բանակի թարգմանիչ, նոյն թուականի Ապրիլին ալ կը սկսի Մեծ եղեռնը։ Ծառայութեան շրջանին կը ղրկուի արաբական երկիրներ, ուր ականատես կը դառնայ իր ազգակիցներու կոտորածներուն: Հրաչեան 1918-ին նորէն կը յայտնուի Պոլիս։ Ամէն ինչ որ կ'ընէ երիտասարդը, իրեն համար այնքան անհեռանկար միջավայրի մէջ, կը գործէ ակամայ, առանց որեւէ նպատակի։ Բնատուր լաւ ձայնի տէր, Հրաչեան կը յայտնուի Պենկլեան օփերեթին մէջ իբրեւ երգչախումբի շարքային անդամ։ Նոյն թուականին Մկրտիչ Ճանանը կը կազմակերպէ հայ տրամադիկական ընկերութիւն եւ Հրաչեային կը հրաւիրէ իր նախաձեռնութեամբ։ Թատրոնի ներկայացումներուն, մեծամասնութեամբ ֆրանսական մելոտրամաներու բեմադրութիւններուն, կը մասնակցի նաեւ Հրաչեան։ 1919-էն սկսեալ գլխաւոր դերեր ստանձնած է բեմադրիչ եւ դերասան Մկրտիչ Ճանանի «Հայ տրամատիկ» թատերախումբին մէջ։ Ճիշդ այստեղ ալ, 1919-ին, «Ձայնը հնչեց» բիեսի մէջ խաղացած միջոցին երիտասարդը կը գրաւուի Օվի Սեւումեանին, որ Պոլիս էր եկած երիտասարդ ուժեր հաւաքելու եւ Կովկաս տանելու նպատակով[3]։ Հրաչեան դերեր կը ստանայ Սեւումեանի բեմադրութիւններուն մէջ, բայց յաջորդ տարին իսկ Սեւումեանը կը մահանայ։ Հայ թատրոնը կը կորսնցնէ իր ամէնէն յառաջադէմ գործիչը, իսկ Հրաչեան՝ իր ուսուցիչը ու խորհրդատուն։ Ետքը ան կը խաղայ տարբեր ներկայացումներու մէջ, որ կը բեմադրուին Վահրամ Փափազեանի եւ Յովհաննէս Աբէլեանի ղեկավարութեամբ։ 1922-ին Վահրամ Փափազեանը Հրաչեային, Մկրտիչ Ճանանին եւ քանի մը այլ դերասաններ կը ղրկէ Կովկաս։ Որոշ ժամանակ մը անոնք կը շրջագային Պաթում եւ ուրիշ հայաշատ քաղաքներ, ապա առանց Հրաչեայի կը մեկնին Երեւան եւ կը միանան առաջին պետթատրոնի կազմին։ Հրաչեայ Ներսիսեանը անոնց կը միանայ մէկ տարի ետք։
1923-ին ան վերջնականապէս կը դառնայ Երեւան քաղաքի բնակիչ, հայկական առաջին թատրոնի դերասան։
Առաջին տասնամեակին դերասանը մեծ յաջողութեամբ խաղացած է ե՛ւ ողբերգական ու տրամաթիկական, ե՛ւ երգիծական ու ֆարսային դերեր, անձնաւորած է ե՛ւ չար ու բարի, ե՛ւ հերոսական ու սովորական կերպարներ։
Յաջորդ տասնամեակին Ներսիսեանի՝ արդէն հասուն վարպետի դերերու թիւը կը նուազի, բնոյթը՝ փոխուելով։ Պատճառը ե՛ւ այն է, որ երթալով առհասարակ կը նուազի տարեկան բեմադրութիւններու թիւը, ե՛ւ այն, որ բիեսներու գաղափարակիր հերոսներու մէջ ներքին պայքարը կը դառնայ աննշան ու անէական։
Հայրենական պատերազմէն ալ իրարմէ շատ տարբեր դերեր վիճակուեցան Ներսիսեանին, թատրոնի եւ ֆիլմերու մէջ։ 1925-էն ի վեր, երբ հայկական առաջին ֆիլմի՝ «Նամուս»ի մէջ խաղացած է Ռուստամի դերը, մինչեւ կեանքի վերջը, երբ 1961-ին «Տժվժիկ» ֆիլմին մէջ խաղացած է Ներսէս աղբարի դերը, Ներսիսեանը պահպանեց հայկական ֆիլմարուեստի առաջին դերասանի պատիւը, որովհետեւ պահպանեց բեմի ու պաստառի համար հաւասար յաջողութեամբ խաղալու հազուագիւտ կարողութիւնը։
ՅԵտպատերազմԵան տարիներուն ալ անոր խաղացանկը եղաւ շատ բազմազան։ Բեմադրութիւններու գլխաւոր դերերու կողքին՝ համեմատաբար փոքր դերեր, որոնցմէ ոմանք դարձան դերասանական արուեստի յայտնի նմուշներ։
1920-ին հայ բեմի հսկաներէն Յովհաննէս ԱբԷլեանի (Լիր) հետ, Հ. Ներսիսեան խաղացած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Լիր արքայ», բայց այդ խաղը, որուն մէջ քիչ չէին ներսիսեանական փայլատակումները, չունեցաւ սպասուած յաջողութիւնը։
1961-ին Մեք-Գրիգորի («Իմ սիրտը լեռներում է») կերպարանքով ըսաւ իր վերջին խօսքը եւ հրաժեշտ տուաւ կեանքին ու արուեստին։