Jump to content

Հայկական Պարարուեստ

Հայկական պարարուեստ, սկիզբ առած է նախաքրիստոնէական շրջանին, Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի մէջ դեռ հեթանոսութիւն կը տիրէր: Հանդիսացած է հայ ժողովուրդին բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը: Իր միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը[1]:

Սերունդէ սերունդ փոխանցուելով եւ որոշ փոփոխութիւններու արժանանալէ ետք, անիկա դարձեալ պահպանած է իր հիմքին մէջ առկայ եւ միայն իրեն յատուկ շարժական, կառուցուածքային եւ երաժշտական առանձնայատկութիւնները[2]:

Հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը կորսնցուցած օրերուն, երբ ենթակարկուած է իշխողներու մշակութային ազդեցութիւններուն, հայկական արուեստը հանդիսացած է հայը հայ պահելու կարեւորագոյն ազդակը, որուն թերեւս ամենակարեւոր դերը պատկանած է պարարուեստին[3]:

Եարխուշտա

Հայկական պարին մասին առաջին անգամ խօսած է Պլուտարքոս: Ան կը վկայէ, թէ Ք.Ա. առաջին դարուն հայերը ամֆիթատրոն կառուցած են՝ կատարելով բեմական ներկայացումներ եւ պարեր: Այդ օրերուն պարողները բաժնուած են ըստ սեռի եւ տարիքի, եւ հանդէս եկած են առանձին: Ըստ իրեն, ամէն ինչ կախեալ էր տօնէն, ծէսէն կամ պաշտամունքի առարկայէն[4]:

Պարերու մասին վկայութիւններու կարելի է հանդիպիլ նաեւ ժայռապատկերներու մէջ: Քարերու վրայ տեսանելի են մարդիկ՝ կենդանական գլխանոցներով եւ պարային շարժումներով: Նման պատկերները ցոյց կու տան նոյնիսկ շարժման ռիթմը: Նկատելի են քայլերը, ոտնաթաթերու դիրքը եւ շարժումները:

Հայերը պարին շատ զգուշութեամբ եւ լրջօրէն կը վերաբերէին: Պարերը ունէին ծիսական նշանակութիւն եւ ձօնուած էին աստուածներուն, հետեւաբար, եթէ պարային շարժում մը սխալ կատարուէր, անիկա կը բարկացնէր աստուածները:

Ի. դարասկիզբին Արեւմտեան Հայաստանէն Արեւելեան Հայաստան կը գաղթեն բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն երգեր, պարեր եւ իրենց բնորոշ տարազները: Բնականաբար, տեղի կ'ունենայ ազգային մշակոյթի երկու տարբեր ճիւղերու խաչասերում, որու արդիւնքով կը ձեւաւորուի նոր՝ աւելի հարստացած տարբերակը:

Հայաստանի մէջ, խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, հայկական պարի ուսուցումը պետութիւնը կը վերցնէ իր վրայ: կը Հիմնուին պարային դպրոցներ, որոնք կը նպաստեն ազգային պարէն առանձնացուած ժողովրդական պարի ստեղծումին[5]:

Ներկայիս հայկական ազգային պարը կը բաժնուի երկու խումբի.

  • ազգագրական
  • ժողովրդական:

Ժողովրդական պարը, ըստ էութեան, կը տարբերի ազգագրականէն: Անիկա յառաջացած է խորհրդային «խորէոգրաֆիկ» դպրոցի կաղապարէն, եւ ղեկավարուելով դասական եւ բեմապարային պարի ներկայացուցիչներու կողմէ, կը հեռանայ իր ազգային ակունքներէն[6]:

Ինչ կը վերաբերի ազգագրականին, ապա վերջինիս հիմքին մէջ ինկած է ազգին ընդհանուր նկարագիրը տալու նպատակը: Ազգագրութիւն բառը, ինքնին, կը բնութագրէ գիտութիւն մը, որ կ'ուսումնասիրէ ժողովուրդներու նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը, հետեւաբար վերջինիս սովորոյթները, տեղաշարժերը, ազգային առանձնայատկութիւնները եւ անոնց պատմամշակութային առնչութիւնները:

Ազգագրական պարը, միահիւսուելով տուեալ միջավայրին ծէսերուն, տօնակատարութիւններուն, հաւատալիքներուն ու պաշտամունքներուն հետ, կը ստեղծէ հայ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը եւ զգացական աշխարհը նկարագրող մշակոյթ մը, որ եւ հայ պարարուեստն է[5]:

  • Փափուռի
Փափուռին, Մասունք ազգագրական երգի-պարի խումբին կատարողութեամբ
  • Գէոնտ (Գէովնտ)
  • Վերվերի
  • Գորանի
  • Շորոր (ճոճք)
  • Ֆնճան
Կարին երգի-պարի համոյթը «Ֆնճան» պարելու ընթացքին
  • Թամզարա (պար)
  • Աստուածածնայ պար
  • Լորգէ
  • Ծաղկաձորի
«Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը «Ծաղկաձորի» կը պարէ
  • Թամուր աղա
  • Էջմիածին
  • Թարս պար
Թարս պար
  • Լուտկի
  • Երեք ոտք
  • Շաւալի
  • Խոշ պիլազիգ
  • Ռոստամ բազի
  • Թռթռուք
  • Սրապար
  • Քոչարի
  • Մշու խըռռ
  • Քերծի
  • Եարխուշտա
  • Գորանի պար
  • Իշխանաց պար
  • 9 ոտք
  • 12 ոտք

«Եարխուշտան» կը հանդիսանայ Մուշի եւ Սասունի շրջաններու ժողովուրդի ռազմական պարը, որ կը պարէին բացառապէս տղամարդիկ (այժմ նաեւ կանայք)։ «Եարխուշտա» ռազմական խաղ-պարը կը պատկանի ծափ պարերու տեսակին եւ կ'առանձնանայ իւրօրինակ կառուցուածքով, խաղային, երաժշտական, բանահիւսական նիւթերով եւ կատարման գունեղ ոճով: Ծափ պարերը հայկական ռազմական պարերու տեսակներէն են: Այդ պարերուն շարժումները կը շեշտուին դիմացի զոյգին հետ ծափերով, որոնք կարծես կը փոխարինեն զէնքերուն եւ կը նմանին անոնց հարուածին ու բախման ձայնին[7]:

Պարին անուանումը ունեցած է տարբեր մեկնաբանութիււններ։ Անոնցմէ մէկն է, որ «Եարխուշտա» կը նշանակէ զէնքի ընկեր։ Պարսկերէնով «եար», կը նշանակէ ընկեր, իսկ «խըշտ», «խըշտիկ» ՝ կարճ նիզակ, զէնք։ Եարխուշտան այն աւանդական պարերէն է, որ շատ քիչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է։ Տարածուած է նաեւ բեմական պարարուեստին մէջ։ Ունի կլոր, կիսաշրջանաձեւ եւ ուղիղ դասաւորումներ։ Պարի ընթացքին ձեռքերը բռնելու ձեւը, դիրքերն ու դասաւորումները անընդհատ կը փոխուին։ Պարողներուն թիւը պէտք է զոյգ ըլլայ։ Կը բաժնուին երկու խումբերու, որոնցմէ մէկը կը յարձակի, միւսը՝ կը դիմադրէ։ Ձեռքերը ազատ են, առջեւ ու ետեւ, աջ ու ձախ շարժումներ կը կատարուին, ծափեր կը զարնեն։ Իրարու դէմ յանդիման կու գան՝ ձեռքերը կը բարձրացնեն գլուխէն վեր եւ ափերով կը զարնեն իրարու, որ կը խորհրդանշէ զէնքերու իրարու զարնուիլը։ Շարժումները կ'արագանան, ծափերը կը դառնան կտրուկ։ «Եարխուշտան» այն իւրօրինակ աւանդական պարերէն է, որ շատ քիչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է:

Ժամանակին Եարխուշտան կը պարէին ճակատամարտէն առաջ: Կարգ մը աւանդութիւններ կը պատմեն, որ թշնամիները, լսելով տհոլ զուռնայի ձայնը եւ հայերուն ռազմական խրոխտ պարը, ձգած, փախած են պատերազմի դաշտէն՝ առանց կռուելու[8]:

«Քոչ» արմատը կապ ունի չկրտած ոչխարի-խոյի գոչ, ղոչ եւ խոչ անուանումներուն հետ։ Ղոչ գոյական անունէն կը յառաջանայ ղոչաղ ածականը, որ կը նշանակէ՝ համարձակ, խիզախ եւ քաջ։ Ստեղծուած է հեթանոսական ժամանակաշրջանին, երբ գոյութիւն ունէր բնութեան պաշտամունքը: Պարի շարժումները կը նմանին վայրի խոյի մարմինի շարժումներուն:

Քոչարին յառաջացած է այդ` խոյի երկրպագութեան ժամանակաշրջանին։ Ծիսակատարութիւն մը կար` «վեր խոյանալ», որ կ'ենթադրէր խոյի պէս ետեւի «սմբակներուն վրայ» բարձրանալ, վեր բարձրանալ եւ անոնցմով ուժգին գետին հարուածել:

Մինչեւ այսօր պարի այդ տարրը պահպանուած է քոչարիի քանի մը տարատեսակներուն մէջ: Շարքով կանգնած խումբը ոտքերը վեր կը բարձրացնէ եւ ուժգին գետին կը հարուածէ[9]:

Ըստ Արցախի բարբառին՝ քերծին մեծ, բարձր, անմատչելի, լերկ քարաժայռ մըն է: Քերծին հայերէն բառ է, քար եւ քերծել իմաստները ունի:

Քերծի կ'անուանեն նաեւ հսկայ, դիւցազն, ժայռի պէս ամուր քաջ մարդը: Քերծի քարերու ծերպին կ'իջնեն, բոյն կը դնեն բազէն, արծիւը, քերծելով կը մագլցին ու կը բարձրանան քարայծերը:

Քերծիին վրայ եղջիւրակռիւ կ'ընեն այծեղջիւրները եւ քարայծերը: «Քերծի» պարը կը կրէ Քերծի քաջերու, քարայծերու կամ Քերծի ժայռերու անունը եւ գաղափարը:

Ենթադրութիւններ կան, թէ պարը որսորդական է, խոյապար է, պարը ունի ռազմական բնոյթ։ Պարին քայլերը կը կատարուին կիսակքանիստ (կողադիր-խաչաձեւ քայլերով), որ կը համեմատուի որսի գացողի գաղտագողի շարժումներուն հետ։ Կը պարուի տհոլի եւ զուռնայի նուագակցութեամբ։ Պարողները կը շարուին մէկ գիծի վրայ։ Երբեմն կրնան պարել երկու գիծով, իրարու դիմաց կանգնած շարքերով։ Առաջին գիծի պարաքայլերը կը մեկնաբանուին իբրեւ հակառակորդին վրայ յարձակման արտացոլում։ Անկէ ետք շարքը կը վերադառնայ իր ելման դիրքին: Երկու շարքով պարելու ատեն առջեւ գացող եւ վերադարձող պարաքայլերու տարբեր համադրումները կը մեկնաբանուին իբրեւ մէկ կողմէ յարձակման, միւսին ինքնապաշտպանութեան, ապա հակայարձակման անցնելու արտացոլում։ Ձեռքերը կը բռնեն ափ - ափի, խաչուած մատներով կրնան պարել նաեւ ձեռքերը ճկոյթներով բռնած:

Մըշու խըռ, հայկական պարատեսակ է։ Այս պարաձեւին երաժշտութիււնները կը նմանին Քոչարիի մեղեդիներուն։ Այս պարին շարժումներուն թիւը ինչպէս նաեւ Քոչարիինը նոյնպէս՝ ութ է։ Այս պարին գաղափարը կարելի է վերագրել 2 անգամ երթալ 2 անգամ ետ դառնալ պարատեսակին։ «Խըռ» կը նշանակէ «կարմիր նշաններով մոխրագոյն ձի», այսինքն՝ պարը կրնայ կոչուիլ «Մշոյ ձի»։ Մըշու խըռի ժամանակ պարողները կը կանգնին ուս-ուսի, մէկ շարքով, ձեռք-ձեռքի բռնած, վարէն մատները խաչաձեւ եւ միահիւսուած:

Ըստ Կոմիտասի՝ «Թամզարան» հարսանեկան երգ-պար է, ուր գլխաւոր դերը վերապահուած է պարագլուխին ու պարապոչին։ Իսկ հարսը անպայման կը կենար կնքահօր կողքին։

Այժմ «Թամզարան» կորսնցուցած է իր նախկին ծիսական նշանակութիւնը, երբ ժամանակին գրեթէ բոլոր համայնքային միջոցառումներու ու խնճոյքներու ատեն կը պարէին։

«Թամզարա» պարատեսակը կը պատկանի երկու երթալ, երկու դառնալ կամ վերադառնալ պարաընտանիքին։

Գոյութիւն ունի պարի 3 տարբերակ՝ Հայոց ձորի, Շատախի եւ Պարսկահայքի:

Հայոց ձորի տարբերակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իշխանաց պարին Հայոց ձորի տարբերակը ռազմապար է. կ'անուանուի նաեւ «Շէյխերու» կամ «Շէխանի»։ «Շէյխերու» կամ «Շէխանի» անուանումները կը ծագին շէյխ բառէն, որ քիւրտերու հոգեւոր առաջնորդն է։ Պարին բարդութեան պատճառով գլխաւորաբար կը պարէին միայն երիտասարդ իշխանները։ Հայերը պարը կը պարէին ուխտագնացութիւններու, տօներու, խնճոյքներու ատեն՝ Վանի, Թիմարի եւ Բերկրիի ատեն։

Գրեթէ բոլոր ռազմապարերուն նման «Շէխանիի» մեղեդիին չափը 2/4 է։ Կը պարեն մէկ շարքով, ճկոյթ ճկոյթի՝ աջ ձեռքը ձախին վրայէն անցուցած։ 12-15 հոգի կը շարժին մէկ առջեւ, մէկ՝ ետեւ։

Շատախի տարբերակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատախի «Շէյխանի-Շիվհալանի» պարին անուանումը յստակ չէ։ Պարին առաջին 2 մասերը, որոնք «Շէյխանի» կը կոչուին կը պարուին դանդաղ, իսկ «Շիվհալանին»՝ պարին երրորդ եւ չորրորդ մասերը աւելի արագ են։ Ըստ որոշ ենթադրութիւններու՝ «Շիվհալանին» վիշտի, յիշատակի պարատեսակներէն է, որուն մէջ կան ե՛ւ ետ քայլը, ե՛ւ ձախ քայլը։ Սակայն ուրախ թռիչքներուն պատճառով մոռացութեան ենթարկուած է պարին բուն իմաստը։

Պարսկահայքի տարբերակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսկահայքի «Շէյխանէն» նոյնպէս իշխաններու պար է, եւ պատկանած է մեհենական պարերու շարքին[10]։

«Գորանի» անուանումը կապուած է հայերէն «գոռ» արմատին հետ, որ կը նշանակէ աղմուկ, ժխոր, շփոթ, խուճապ, ծեծկռտուք, մարտ եւ կռիւ։ «Գոռալ» կը նշանակէ ճչալ, ոռնալ, «գորան»՝ անմշակ։

Պարաշարքին կառոյցը մէկ շարք է, որ կը վերածուի աղեղի։ Կը կանգնին ուս ուսի՝ կարծես ընդհանուր վիշտի մէջ համախմբուած։ Ձեռքերը կը միահիւսուին ճկոյթներով եւ կը ծալուին արմուկներուն՝ ուղիղ անկիւնին տակ։ Դաստակները ուղղուած առջեւ: «Գորանիի» Ալաշկերտի տարբերակին մէջ առաջնորդը կամ պարողներէն ոեւէ մէկը, երբեմն պարող կիներէն մէկը գլխուն կը դնէ ջուրով լի պղինձէ թասը, զոր կարելի չէ ձեռքերով բռնել։ Ոտքերուն շարժումները պէտք է չափազանց դանդաղ ըլլան եւ պատկերացնեն օձի շարժումները ջուրին մէջ։ Պարողներուն ծունկերուն կքանիստերն ու ուղղումները պէտք է փոխանցեն օձի ընկղմումը ջուրին մէջ եւ ջուրին մակերեսը ելլելը։ Այս պարաձեւը ոչ թէ երաշտի ողբ է, այլ լաւատեսութեամբ անձրեւ կանչելու ծէս[11]։

Ժամանակին, երբ երաշտը մեծ վնասներ կը հասցնէր, մարդիկ կը սգային այդ կորուստը՝ կատարելով դէպի ձախ տեղաշարժող պարեր՝ երաշտի պարեր, որոնք կը կոչուէին նաեւ «Թարս պարեր»: Սուգի պարեր կը պարէին նաեւ յուղարկաւորութեան ծէսերու ատեն:

Հարազատի մը մահէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, որպէսզի ընտանիքին անդամները «սուգէն ելլէին», հանգուցեալին ընկերներն ու ազգականները կը հաւաքուէին, կ'այցելէին սուգ պահող հարազատներուն, անոնց կը ստիպէին ուտել, խմել եւ պարել: Այս երեւոյթը կը կոչուէր՝ «սուգէն հանել»[4]:

Ռազմական պարեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարի որոշ տեսակներ ունակ են փոխանցելու զգացումներ եւ ներշնչել որոշ արժէքներ: Այդպիսի պարերէն են ռազմապարերը, որոնք պարած են պատերազմի երթալէն առաջ, եւ որոնք օգնած են արթնցնելու մարտական ոգին եւ փոքր թիւով յաղթանակ տանելու թշնամի բանակին դէմ:

Ռազմական պարերը բացի զօրքէն, կը պարէր նաեւ ժողովուրդը՝ ռազմիկները պատերազմի ուղարկելու, դիմաւորելու, յաղթանակը տօնելու կամ պարտութիւնը ողբալու ատեն: Ռազմական պարերը հինէն ի վեր պարած են ոչ միայն տղամարդիկ, այլեւ կիները: Մինչ տղամարդիկ կը մարտնչէին, կիները ռազմական պարեր կը պարէին, հաւատալով, որ այդպիսով «կ'ապահովէին» իրենց ամուսիններուն յաղթանակը:

Ռազմական պարերուն մէջ դէպի ետեւ եւ առջեւ քայլերը կը խորհրդանշեն զինուորներու նահանջն ու յարձակումը, սպասումն ու յաղթանակը:

Հայկական պարը կարելի է դասակարգել ըստ քանի մը բնութագրիչներու[12]։

Ըստ կատարման բնոյթի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Պարերգեր պարեր, որոնք կը զուգորդուին երգերով,
  • Պարեր, որոնք կը նուագակցուին միայն երաժշտական գործիքներով,
  • Պարեր, որոնք եւ կը նուագակցուին եւ կը զուգորդուին երաժշտական գործիքներով եւ երգերով:

Ըստ ձեռքերը բռնելու ձեւին՝

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ճկոյթներով,
  • Ափերով,
  • Խաչուած ափերով,
  • Ուսերով,
  • Գօտիէն:

Ըստ բովանդակութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Առասպելական,
  • Պաշտամունքային,
  • Ճանապարհի,
  • Լարախաղացներու,
  • Աշխարհիկ,
  • Աշխատանքային,
  • Ռազմական,
  • Որսորդական,
  • Մանկական:

Պարի Բնագիտութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարմինը ենթակայ է բնութեան օրէնքներուն եւ բնախօսական սահմանափակումներու (constraints): Այսպէս՝ Բարձրահասակ պարող մը կարճահասակ պարողէ մը աւելի բարձր պէտք է ցատկէ, որպէսզի հանդիսատեսը նոյն համաչափ տպաւորութիւնը ստանայ: Եթէ մարմինի ձեւը բնախօսական օրէնքներու հետեւի, ապա 182 սմ հասակ ունեցող պարող մը 165 սմ հասակ ունեցող պարողին կրկին ճիգը պէտք է գործադրէ ինքն իր շուրջ դառնալու համար: Այս պատճառով է, որ բարձրահասակ պարողներ կը նախընտրեն նիհարակազմ ըլլալ[13]: Յաղթանդամ պարողներ աւելի արագ կը յոգնին եւ աւելի յաջող են դանդաղ պարերու մէջ:

Երբ թեւերը վեր բարձրանան, ծանրութեան կեդրոնը կը բարձրանայ: Ենթադրելով, թէ քովի պատկերին մէջ տեսնուող տղուն հասակը 184 սմ է, ծանրութեան կեդրոնը բարձրացած կ'ըլլայ 11,5 սմ: Ծանրութիւնը վեր բարձրացնելու համար հարկ է, որ գետինը «վեր հրէ» պարողը: Երբ վեր ցատկած միջոցին պարողը միաժամանակ վեր բարձրացնէ իր թեւերը, յատակին յաւելեալ մղումը կը բարդուի իր սրունգներու մղումին, եւ կը ցատկէ աւելի բարձր: Եթէ ցատկելէ ետք, օդին մէջ եղած միջոցին վար առնէ թեւերը, կը «շահի» տարբերութիւնը եւ «կարճցած» մարմինը կը թուի աւելի վեր բարձրացած ըլլալ: Այսպիսով, օրինակ, սրունքներու նոյն ճիգով փոխանակ 50 սմ վեր ցատկելու, կրնայ 60-70 սմ ցատկել: Այդ կախեալ է ուսի մկաններու զօրութենէն: «Մեծ Ոստումը» (Grand jeté), որ քանի մը տարբերակներ ունի, օդին մէջ ծփալու տպաւորութիւն կը ձգէ: Այդ լոկ պատրանք է: Ծանրութեան կեդրոնը հազիւ 20 սմ կը բարձրանայ: Պարողը ճիգ կը թափէ ոչ թէ բարձր, այլ հեռու՛ ցատկելու: Մարմինի ձեւը այն խաբկանքը կը ստեղծէ, թէ բարձր կը թռչի:

Հայկական պարերու ուսումնասիրութեան առանցքային ուղղութիւն է հանդերձանքը՝ տարազը: Անիկա բացի մարդոց կենցաղին բաղադրիչը ըլլալէ, կը հանդիսանայ նաեւ ազգային պարի կարեւոր բաղադրիչը: Տարազը առանձին մշակոյթ է, որ պարի ատեն իր նշանակութեամբ ծառայած է, իբրեւ երկրորդ մեղեդի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ազգային պարեր։ Հայաստանի Հանրապետութիւն»։ Gisher։ արտագրուած է՝ 2016-01-28 
  2. «Հայ ժողովրդական պարարուեստ»։ «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-01-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-28 
  3. «Հայկական պարարուեստը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-08-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-07 
  4. 4,0 4,1 Հայոց Ազգային Պար
  5. 5,0 5,1 «Հայկական պար»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն։ արտագրուած է՝ 2016-01-28 
  6. «ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՆԱՂԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ | «Կարին» աւանդական երգի եւ պարի համոյթ»։ www2.karinfolk.am։ արտագրուած է՝ 2016-01-28 [permanent dead link]
  7. «Եարխուշտա»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-12-25-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-03 
  8. «Եարխուշտան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-01-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-03 
  9. Քոչարին
  10. «Իշխանաց Պար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-03 
  11. «Գորանի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-03 
  12. «Պատմութիւն | «Կարին» աւանդական երգի եւ պարի համոյթ»։ karinfolk.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-28 
  13. Պարի Բնագիտութիւնը

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]