Կարապետ Հաննէսեան
Կարապետ Հաննէսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1925 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 18 Փետրուար 2019 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Աշխատավայր | «Շիրակ» հրատարակչատան «Շիրակ երգարան»-ի հեղինակ եւ հրատարակիչ |
Ամուսին | Սիրվարդ Մարթայեան |
Ծնողներ | Հաճընէն Սիս պանդխտած՝ Յակոբ Հաննէսեան եւ սսեցի Մաքսիմ Աւետիսեան |
Երեխաներ | Յակոբ եւ Վիգէն |
Կարապետ Հաննէսեան (1925, Պէյրութ, Լիբանան - 18 Փետրուար 2019, Պէյրութ, Լիբանան), Սփիւռքի մէջ հայ երգի տարածման եւ հրատարակման ինքնուրոյն դերը ստանձնած «Շիրակ» հրատարակչատան «Շիրակ երգարան»-ի հեղինակ եւ հրատարակիչ:
Սփիւռքի մէջ հայ գիրքին հանդէպ սէր եւ նուիրում ունեցող անհատները իրենց աշխատանքով, զոհողութիւններով եւ անանձնական պահուածքով շնորհակալ դեր ունեցած են, եւ Կարապետ Հաննէսեանը այդ անձերէն մէկն է:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարապետ Հաննէսեան յաճախած է իր ծննդավայր Նոր Հաճնոյ Սահակեան Գոլէճը մինչեւ վեցերորդ դասարան, հայերէնի ուսուցիչ ունենալով Յակոբ Պուճիգանեանը: Նախակրթարանի վեցերորդ դասարանը աւարտելէ ետք, կ'անցնի գրաշարական աշխատանքի՝ Տօնիկեան Տպարանին մէջ։ Մինչեւ աւարտելը, սակայն, դպրոցական տարիներուն իսկ, ան կ'երթար իր բնակած թաղամասին մէջ գտնուող եւ Հնչակեան Կուսակցութեան պատկանող «Արարատ Օրաթերթ»-ին տպարանը... գրաշարութիւն սորվելու համար: Նախ սնտուկներուն մէջը գտնուող տառատեսակները ճշդելէ ետք, գիրերը շարելու կը ձեռնարկէի, կարծես գրաշար ըլլայի: Ամառները մանաւանդ, կ'աշխատէի հայկական տպարաններէն ներս, զարգացնելու համար գրաշարութեան արհեստս»12: Հաւանաբար 1940-ականներու կէսերուն, Կարապետ կը ձեռնարկէ ինքնուրոյն տպագրութեան աշխատանքի, հիմնելով իր «տպարանը»: Ան կը բացատրէ, որ այդ շրջանին տպարան հաստատել կը նշանակէր գրաշարութեան մեքենան ձեռք անցընել: Ինք պահ մը Արարատ Օրաթերթի գրաշարական մեքենայ կը գործածէ իբրեւ տպագրական մեքենայ եւ, հետեւաբար, իր տպարանը կը հաստատէ Նոր Հաճընի մէջ (ուր կը գտնուէին Արարատի խմբագրատունն ու տպարանը), Շիրակ անունով, Սահակեան Գոլէճի դիմացը: «Տպարանը երկու սենեակէ կը բաղկանար, ուր կային գրաշար մեքենայ մը եւ տպագրող մեքենայ մը»: Կարապետ ի՛նք կը կատարէր գրաշարութիւնը Յակոբ Սարաֆեանի հետ, իսկ տպագրիչը մասնակի ժամանակով կ'աշխատէր, մինչ Կարապետին եղբայրը՝ Յովհաննէս, կը կատարէր սրբագրութիւնները: Միառժամանակ ետք, Արարատ եւ Շիրակ տպարանները կը բաժնուին, եւ Հաննէսեանները կ'ունենան իրենց տպարանը` դարձեալ Նոր Հաճնոյ մէջ։ [1]
Տպարանի գործունէութեան նոր հանգրուանը կը սկսի 1952-ին15, երբ այդ ամռան սկիզբը Կարապետ Հաննէսեան եւ Յովսէփ Փանոսեան «միասնաբար, որպէս գործի արհեստակից ընկերներ, կը վարձեն...[Պէյրութի հայաշատ] Նահր Պողոտայի մայր գիծին վրայ գտնուող [կալուած մը]...որպէս ՏՊԱՐԱՆ, բաղկացած սենեակներէ, նրբանցքներէ...: Տպարանը վարձուելէն ետք սկսած էր իր աշխատանքին իր սկզբնական մեքենայով: 1954-ին տպարանը կ'օժտուէր [տպագրական] նոր մեքենայով մը եւս, 25x35 չափով, F.L. մարքայով»: 28 Փետրուար 1956-ին Կարապետ եւ Յովսէփ «համաձայնաբար կը բաժնուին իրարմէ: Կարապետ Հաննէսեան եւ իր եղբայրը՝ Յովհաննէսը կը գնեն Յովսէփ Փանոսեանի բաժինը»: Նոյն տարին, թիւ 8989 պետական հրամանագրով կ'օրինականանայ այս հաստատութիւնը: 1964-ին Պէյրութի քաղաքապետարանի թիւ 63-2467 հրամանագրով տպարանը կը դասուի «բարձր»: 1972-ին, տպարանին կից կը հիմնուի Շիրակ Գրատունը: 1974-ին տպարանին կալուածը կը ծախուի այլ անհատի: 1994-ին տպարանը կը փոխադրուի մօտակայ Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանը, ուր կը բանի ան՝ տպագրական ամբողջական եւ կազմարարական մասնակի համակարգով: Այդ տարին տպարանին տնօրինութիւնը կը ստանձնէ Կարապետ Հաննէսեանի անդրանիկ զաւակը՝ Վիգէնը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ տպարանը, անոր ապահովելով թէ՛հայ եւ թէ՛ոչ հայ մեծաթիւ յաճախորդներ:
Հրատարակիչի Հրաժեշտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]18 Փետրուար 2019-ին հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին` 94 տարեկան հասակին: Ան հրատարակչական, հրապարակագրական եւ մշակութային նշանակալից վաստակ մը կը թողու իր ետին: Կարապետ Հաննէսեան եղաւ, ապրեցաւ եւ մնաց համեստ մարտիկը հայ մամուլին, գիրին, տիպ ու տառին:[2]
Վկայութիւն Կարապետ Հաննէսեան Մարդուն Մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Շիրակ» հրատարակչատունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1952-ին Կարապետ Հաննէսեան եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներ հիմը կը դնեն տպարանի մը, որ պիտի դառնար լիբանանահայ տիպ ու տառին ջերմ օճախներէն մին: Տպարանը իր մամուլի գլաններէն հայ ընթերցողին պիտի հրամցնէր արեւմտահայ, սփիւռքահայ թէ հայրենի գրողներէ բազմահարիւր գիրքեր, բառարաններ, երազահաններ, զուարճալի պատմութիւններու հատորներ, լեզուներ սորվելու զրուցարաններ, մանկապատանեկան հրատարակութիւններ եւ այլն:
Յովհաննէս Հաննէսեան կը գաղթէ ԱՄՆ` Քալիֆորնիա, ուր կը զբաղի նաեւ գրականութեամբ` վէպեր եւ գիրքեր ընծայելով հայ գրականութեան: Ան աւելի հակուած էր գեղարուեստական գործերու վրայ:
Կարապետ Հաննէսեան կը մնայ Պէյրութ, կառչելով Լիբանանին` հաւատալով անոր կայունացման եւ վերելքին: Տպարանը 1994-էն կը ստանձնէ իր որդիներէն մին` Վիգէնը: Գրատունը կը բանեցնէ միւս որդին` Յակոբը: Կ. Հաննէսեան յառաջացեալ տարիքի բերումով աստիճանաբար կը քաշուի հրապարակէն: Վերջին տարիներուն համարեա հիւծած էր ան եւ 18 Փետրուար 2019-ին հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին` 94 տարեկան հասակին: Ան հրատարակչական, հրապարակագրական եւ մշակութային նշանակալից վաստակ մը կը թողու իր ետին: Ան եղաւ, ապրեցաւ եւ մնաց համեստ մարտիկը հայ մամուլին, գիրին, տիպ ու տառին:
Կարապետ Հաննէսեանը իր հրապարակագրական յօդուածներով, գիրքերու հրատարակութեամբ եւ մասնաւորապէս «Շիրակ երգարան»-ի շարունակական տարիներու լոյս ընծայման առումով մեծ վաստակ ունի:
«Շիրակ» հրատարակչատունը նաեւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ հայ գիրքի հրատարակութեան եւ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու առումով իր ներդրումը ունեցած է:
«Շիրակ»ը իր ուրոյն տեղն ունի լիբանանահայ գրական-մշակութային կեանքի պատմութեան մէջ։ 2015-ին Երեւան լոյս տեսած «Հայ Գրատպութիւն Եւ Գրքարուեստ» խստադատ հանրագիտարանը նոյնիսկ անդրադարձած է անոր (հիմնադրութեան թուականը նշելով` 1946 թ.): Անկէ լոյս տեսան Շ. Ազնաւուր, Զ. Եսայեան, Յ. Ալփիար, Երուխան, Պ. Սեւակ, Լեռ Կամսար, Վ. Օշական, Ա. Ծառուկեան, Ա. Կռանեան, Պէպօ Սիմոնեանի գրեթէ բոլոր գործերը, Ե. Զարգարեան եւ այլն: Յիշատակելի է, որ Զ. Եսայեանի «Աւերակներուն Մէջ» գիրքը երբ մամուլի տակ էր, տպարանը թիրախ կը դառնայ ռմբակոծութեան, կը հրկիզուի եւ ապա վերականգնումէ ետք` գիրքը կը հրատարակուի կողքի նկարը` «Շիրակ» տպարանին վնասուած սարքերը, աւերակները... նոյն օրերուն` 1984-ին, հազիւ փրկուած էր նորատիպ երգարան մը` Յեղափոխական Երգարան` հնչակեան ազգային-յեղափոխական երգերը պարփակող: Ան հրատարակչական, հրապարակագրական եւ մշակութային նշանակալից վաստակ մը կը թողու իր ետին: Ան եղաւ, ապրեցաւ եւ մնաց համեստ մարտիկը հայ մամուլին, գիրին, տիպ ու տառին:«Արարատ» երախտիքով կը խոնարհի իր երբեմնի աշխատակիցի յիշատակին առջեւ: |
«Շիրակ երգարան»-ը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարապետ եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ 1952-ին Լիբանանի մէջ սկսած է լոյս տեսնել «Շիրակ» երգարան։ Տասնեակ տարիներ «Շիրակ երգարան»-ը [3] բոլոր սփիւռքահայերուն տուները մուտք գործած է, այդ ալ այն տարիներուն, երբ հայ երգի տարածման եւ պահպանման ի խնդիր ընդհանուր ճիգ մը ի գործ կը դրուէր: Պէտք է ընդգծել, որ ինչպէս Ատիս Հարմանտեանը, Լեւոն Գաթրճեանը, Մանուէլ Մէնէնկիչեանը հայ երգը տարածեցին, Կարապետ Հաննէսեանի «Շիրակ երգարան»-ն ալ այդ աշխատանքը ամբողջացնող մեծ գործ կատարեց եւ գալիք տարիներուն ալ այս երգարանները իրերայաջորդ սերունդներուն համար կարեւոր պիտի ըլլան[4]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Դոկտոր Անդրանիկ ՏԱԳԷՍԵԱՆ ՇԻՐԱԿ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆ ԻԲՐԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ[permanent dead link]
- ↑ «Առօրեայ պատկերներ»ու կարօտով (Կարապետ Հաննէսեանի յիշատակին)
- ↑ Հայ Գիրքն Ու Երգը Պահած Ու Տարածած Կարապետ Հաննէսեանի Յիշատակին
- ↑ ««Շիրակ» երգարանին նուիրուած երեկոյ»։ Hamazkayin (Hy-am)։ 2008-11-24։ արտագրուած է՝ 2020-03-23
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դոկտոր Անդրանիկ ՏԱԳԷՍԵԱՆ ՇԻՐԱԿ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆ ԻԲՐԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ Archived 2022-07-23 at the Wayback Machine.