Jump to content

Կապիկի Տարի

Կապիկի Տարուան թուականը կը փոխուի ամէն տարի, սակայն միշտ 21 Յունուարէն 20 Փետրուարի միջեւ կ'ըլլայ:

Չինացիներուն օրացոյցը տարբեր է սովորական օրացոյցէն: Անոնք լուսինին կը հետեւին իրենց Նոր տարուան առաջին օրը նշելու համար:

Այս առիթով, չինացիները մէկ շաբաթ արձակուրդ կ'ունենան եւ կ'երթան իրենց ընտանիքներուն այցելելու: Ասիկա տարուան ընթացքին աշխարհի ամէնէն մեծ տեղափոխումն է: Այս տօնին առիթով մարդիկ իրարու դրամ կը նուիրեն կարմիր պահարաններու մէջ, կարմիր կը հագնին բախտաւոր ըլլալու համար եւ պայթուցիկներ կը պայթեցնեն գէշ ոգիները հեռացնելու համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]