Jump to content

Իրապաշտ Ուղղութիւն

Իրապաշտ ուղղութիւն, գրական սեռի ուղղութիւն։ Իրապաշտութիւնը գրականութեան մէջ իբր դպրոց կը ներկայանայ մօտաւորապէս 19–րդ դարու կիսուն, վիպապաշտական պայթումէն ետք։ Իսկ իբր գրական հոսանք կամ ձգտում, անոր ներկայութիւնը նկատելի է շատ աւելի կանուխէն, պարբերական երեւումներով 16–րդ դարէն, «վերածնունդի եւ դասականութեան» շրջաններուն զուգահեռ։ Սերվանտէս եւ Շէյքսփիր կը ներկայանան իբր իրապաշտութեան այս մնայուն հոսանքի գլխաւոր դէմքերը։ Այլ անուններ Տիտըրօ, Վոլթէռ (Ֆրանսա), Կէօթէ (Գերմանիա

Գրականութիւններու պատմագիրներ երբեմն կ'երթան աւելի հեռու. ոմանք իբր «իրապաշտ» կը բնորոշեն աւելի հին ժամանակաշրջաններու որոշ գործեր, հասնելով մինչեւ հնադար՝ յունա-հռոմէական գրականութիւններ։ Բայց, ինչպէս վիպականութեան ընդհանրական զգայնութիւնը վիպապաշտութիւն չէ, այնպէս ալ իրականի այս մնայուն զգայնութիւնն ու ճաշակը, ոմանց մօտ աւելի շեշտուած, չի նոյնանար իրապաշտութեան հետ։ Սոփոկլէս կամ Ֆրիկ իրենց ժամանակներու իրականութեան շատ մօտ եղած են, արտայայտած են զայն հարազատօրէն, բայց «իրապաշտ» գրագէտներ չեն։

Իրապաշտութիւնը, մարդկային զգայնութեան եւ մտածողութեան այս հիմնական ձգտումը, իբր «դպրոց» իր ձեւաւորումէն ու անցումէն ետք շարունակուած է. դեռ այսօր շատ գործեր կը բնորոշուին իբր իրապաշտ։

Բուն իրապաշտ դպրոցը ունի գլխաւոր առաջադրանքներ ու յատկանիշներ․

  • Դիտարկում եւ վերլուծական նկարագրութիւն ընկերութեան «ինչպէս որ է»։
  • Յատկապէս հաւաքական թերիներու վերլուծում եւ քննադատութիւն։
  • Առաջադրում՝ լուծումներու, կրնանք ըսել իտէալներու, բայց որոնք ուղղակի կը բխին իրականութենէն, կռթնելով դիտարկումի եւ վերլուծումի վրայ։
  • Հերոսներու անկախութիւն գրագէտին անձէն, փափաքներէն ու քմայքներէն (անոնք կ'ապրին «անկախ» իրենց կեանքով)։ Ասիկա կ'ապահովէ հոգեբանական վերլուծման նոր որակի մը նուաճումը։
  • Գաղափարական միտումի եւ զայն հիմնաւորող քննադատութեան անուղղակի ներկայացում (անոնք չեն հռչակուիր գրագէտին կողմէ. կը բխին կերպարներու նկարագիրէն ու վարմունքէն եւ գործողութեան ընթացքէն)։