Իսամ Մահֆուզ
Իսամ Մահֆուզ | |
---|---|
Ծնած է | 12 Սեպտեմբեր 1939 |
Ծննդավայր |
Ճտէյտէթ Մարժա՛յուն, Մարժա՛յուն, Նապաթիէ, ԼիբանանԱրաբերեն_Վիքիպեդիա |
Մահացած է | 3 Փետրուար 2006 (66 տարեկանին) |
Մահուան վայր |
Պէյրութ, ԼիբանանԱրաբերեն_Վիքիպեդիա |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, թատերագիր, համալսարանի դասախօս, լրագրող |
Իսամ Մահֆուզ (արաբերէն՝ عصام محفوظ, 12 Սեպտեմբեր 1939, Ճտէյտէթ Մարժա՛յուն, Մարժա՛յուն, Նապաթիէ, ԼիբանանԱրաբերեն_Վիքիպեդիա
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Հարաւային Լիբանանի Ճտէյտէթ Մարժա՛յուն գիւղաքաղաքը[2]: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, քսան տարեկան հասակին մամլոյ ասպարէզ նետուելէ ետք՝ շուրջ երեք տասնամեակ, պաշտօնավարած է «Ան-Նահար» օրաթերթին մէջ` իբրեւ գրականութեան ու մշակութային առօրեայ էջի եւ «Յաւելուած»ի խմբագիր: Միաժամանակ մաս կազմած է լիբանանցի յառաջապահ բանաստեղծ Եուսէֆ էլ-Խալի 1957-ին հիմնած «Շը՛ըր»` (Բանաստեղծութիւն) անուն զուտ բանաստեղծական հանդէսին, որ մեծ յեղափոխութիւն առաջացուցած է ո՛չ միայն լիբանանեան, այլեւ` արաբական բանաստեղծութեան մէջ։
1970-էն մինչեւ իր մահը աւանդած է թատերական ստեղծագործութեան նիւթը` Լիբանանեան Պետական Համալսարանի մէջ:
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1959-ին լոյս կը տեսնէ «Մեռած բաներ» քերթողագիրքը,
- «Ամրան խոտեր» (1961),
- «Սուրը եւ կոյսի աստղը» (1963),
- «Առաջին մահը» բանաստեղծական ժողովածուները:
Տակաւին Պէյրութ չտեղափոխուած` ծննդավայրի թատերասէրներու բեմական փորձերուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած Իսամ Մահֆուզ 1963-ին գրած է իր անդրանիկ թատերախաղը` «Զանզալախդ»ը, որուն բեմադրութիւնը մէկէ աւելի անգամ յետաձգուած է` բախելով գործնական եւ վարչական արգելքներու: Այս թատերգութիւնը կը բեմադրուի միայն հինգ տարի ետք` 1968-ին, գլխաւորութեամբ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի: «Զանզալախդ»ի մէջ հանդէս կու գան լիբանանեան թատրոնի երիտասարդ գլխաւորագոյն ուժերը, ինչպէս ապագայի նշանաւոր հեղինակ ու բեմադրիչ Ռեմոն Ժպարա, դերասանուհի Մատոնա Ղազի եւ ուրիշներ:
Այնուհետեւ Իսամ Մահֆուզ կը յօրինած է նոր թատերախաղեր`
- «Սպանութիւնը» (1968),
- «Քարթ պլանշ» (1970),
- «Տիքտաթորը» (1972),
- «Ինչո՞ւ Սարհան Սարհան մերժեց ինչ որ Զա՛իմը ըսաւ իրեն Ֆարաժալայի մասին, թիւ 71 սթե- րիոյին մէջ» (1972),
- «Ժպրան. անձնական պատկեր» (1983),
- «Մերկացումը» (2003) եւ շարք մը միարար թատերախաղեր:
Հեղինակ է նաեւ չորս երկխօսութիւններու` արաբ դասական դէմքերու եւ մանաւանդ ըմբոստ ու յառաջապահ գրողներու եւ փիլիսոփաներու հետ:
Բանաստեղծական եւ թատերական հատորներուն զուգահեռ` յառաջապահ մտաւորական Իսամ Մահֆուզի ստորագրութիւնը կը վայելեն գրաքննադատական, գրականագիտական, քաղաքական, թարգմանական եւ պատմուածքներու բազմաթիւ հատորներ, որոնք հեղինակին հրատարակուած մեծածաւալ, միջակ տարողութեամբ եւ փոքրածաւալ գիրքերուն թիւը կը բարձրացնեն 48-ի:
Բանաստեղծ եւ թատերագիր Իսամ Մահֆուզի բնորոշ գործերէն բազմաթիւ նմուշներ թարգմանուած են զանազան լեզուներու, ինչպէս ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, հայերէնի եւ այլ լեզուներու:
Իր հեղինակած կարգ մը թատերախաղերուն բեմականացումները արժանացած են մրցանակներու: Ան նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է արաբական եւ միջազգային թատերական փառատօներու[3]:
Կը մահանայ յետ կարճատեւ հիւանդութեան[4]: