Թլկատինցի
Թլկատինցի | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Յովհաննես Յարութիունեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Թլկատինցի |
Ծնած է |
1860[[:d:Q101537013|Հայաստանի_գրադարանների_համահավաք_գրացուցակ]] |
Ծննդավայր | Խույուլու, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է |
1915[[:d:Q101537013|Հայաստանի_գրադարանների_համահավաք_գրացուցակ]] |
Մահուան վայր | Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն |
Հայ |
Ուսումնավայր | Սմբատյան վարժարան? |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ, գրագէտ, ուսուցիչ |
Աշխատավայր | Խարբերդի ազգային Կեդրոնական վարժարան? |
Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860[[:d:Q101537013|Հայաստանի_գրադարանների_համահավաք_գրացուցակ]]
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1860-ին Խարբերդի Խոյլու գիւղը, հին անունով՝ Թիլ-Կաթի, որ ժողովուրդի լեզուին մէջ դարձած է Թլկատին (Արեւմտեան Հայաստան)։ Կանուխէն անհայր մնացած եւ մեծցած է մօր խնամքով: իր կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սմբատեան վարժարանին մէջ։ Աւարտելուն՝ դեռ պատանի, ատեն մը շրջակայ գաւառներու դպրոցներուն մէջ կը վարէ ուսուցչական պաշտօն։ Ապա Խարբերդ դարձած կը հիմնէ իր դպրոցը՝ Կեդրոնական վարժարանը։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան իր պաշտամունքը կը յաջողի փոխանցել աշակերտներու ամբողջ սերունդի մը՝ Ռուբէն Զարդարեանէն մինչեւ Բենիամին Նուրիկեան։ Կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Միւս կողմէն, կ՛արտադրէ իր կարգին, Պոլսոյ թերթերուն ղրկելով առաւելաբար քրոնիկներ, երբեմն պատմուածքներ, յաճախ գրական դարձուածքով թղթակցութիւներ։ Ուսուցչութիւն եւ գրական արտադրութիւն լրիւ լեցուցած են Թլկատինցիի ինքնամփոփ ու մենաւոր կեանքը։ Նահատակուած է 1915-ի ամրան, Խարբերդի մօտ, Ծովք լիճի ափերուն։
Ողնածուծով գաւառացի այս մարդուն գրականութիւնը «Ծոփաց աշխարհ»ի հարազատ արտադրութիւնն է։ Մամուլի մէջ ցրուած իր պատմուածքներն ու քրոնիկները (առաւել՝ քանի մը կտոր բանաստեղծութիւններ) հրատարակուած են մահէն տարիներ ետք (Պոսթըն, 1927), Ա. Չօպանեանի նախաձեռնութեամբ։
Թլկատինցի գիւղէն զատ ուրիշ աշխարհ չէ ունեցած: Օտար լեզու սորվելու առիթն ալ չէ հետապնդած, որով՝ արտաքին աշխարհի մտածողութեան եւ արուեստի պատուհանները գոց եղած են իր առջեւ: Թլկատինցի, իբրեւ գաւարի ամենէն հարազատ զաւակներէն մէկը, մօտէն ճանչցած է իր նկարագրած տիպարները - մամիկներ, տէրտէրներ, մշակներ, հարսեր եւ աղջիկներ:
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրոնիկներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը ներկայացնեն բազմազան երեւոյթներ, դէպքեր եւ դէմքեր հայկական գաւառէն: Ոմանք ազգագրական եւ տեղագրական բնոյթ ունին, ուրիշներ գրական-գեղարուեստական նկարագիր:
Վիպակներ եւ Պատմուածքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մութ Անկիւններէ» կամ «Կնամա՞րտ Թէ Ցլամարտ» , որուն մէջ նկարագրուած է գիւղացի բացասական տիպար մը, ծոյլ եւ խորամանկ: «Գաւաթ Մը Միայն» պատմուածքը լուսաւորչական եւ բողոքական հայերու միջեւ գզուըտուքի պատկեր մը կը գծէ, բամբասանքի եւ ծաղրի մոլեգնութեամբ լեցուն: «Ես Պարտքս Կատարեցի» .- կը ներկայացնէ երիտասարդ նորապսակ զոյգ մը, որուն երջանկութիւնը զոհ կ'երթայ գիւղին մէջ նախանձոտ կիներու բամբասանքին եւ զրպարտութիւններուն:
Բանաստեղծութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ունի հազիւ 5-6 բանաստեղծութիւններ, աշուղական ոճով ու ոգիով գրուածթ Օրինակ՝ Եկայ ու կ'երթամ պէմուրատ, խարապ Հոգիս տաղտաղուն, սրտիկս է պարապ - Պարապ զէտ եղէք՝ ծուծէս դատարկուած - Պարապ զէտ էգի՝ թուփերը չորցած:
Թատերգութիւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Էնդի Դէմքէն», լաւագոյնը իր թատերգութիւններուն:
- «Կտակը», մէկ արար միայն, որ կը ներկայացնէ բարի մարդու մը վերջին վայրկեանները:
- «Որ Մէկուն Ետեւէն», աւելի կատակերգութիւն մըն է քան տրամ:
- «Ջալըմ Տղան», սիրային տրամ:
- «Դէպի Արտասահման», կը ներկայացնէ հայրենի երկրէն գաղթողներու բաժանման պահը եւ զգացումները:
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ո՞ր մէկուն ետեւէն (թատերախաղ), Պոսթըն, 1912, 139 էջ:
- Թլկատինցին եւ իր գործը, Պոսթըն, 1927, 608 էջ:
- Գիւղին կեանքը, Երեւան, 1966, 362 էջ:
- Թլկատինցի, Առանձար, Բաշալյան Լևոն, Երկեր, Երեւան, 1982, էջ 25-255:
- Պատմուածքներ: Գիւղի նամակներ, Վենետիկ, 1996, 100 էջ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արդի Հայ Գրականութիւն, Բ. Իրապաշտ Շրջան 1885-1900, Գ. Տպագրութիւն, 1994 Պէյրութ, էջ 134-136։
- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Բ.-Գ. տարիներ, էջ 68: