Jump to content

Ելեկտրակիթառ

1974 Gibson Les Paul Custom Cherry Sunbrust

Ելեկտրակիթառը լարաւոր նուագարան մըն է։ Ունի մակնեթներ, որ հարիչով կամ մատով (եղունգներով) նուագած լարերու թրթռումը ելեկտրական ազդանշաններու կը դարձնէ։ Մակնեթները Ելեկտրամաքնիսական թելադրանքի կանոնով կ'աշխատի։ Ելեկտրակիթառին յառաջ բերած ազդանշանները ուղղակի բարձրախօս ուղղուելու համար շատ ցած են: Այս պատճառաւ առաջ պէտք է, որ ընդլայնողէն անցնին։

Ելեկտրակիթառը յաճախ յատկազդումի (յատուկ-ազդեցութիւն) ոտնակներով կը գործածուի։

Ելեկտրակիթառը 1931-ին ստեղծուած է։ Ճազի կիթառիստները մեծ նուագախումբերու մէջ նուագած ատեն, բարձրախօսներէն բարձրաձայն սոլոներ նուագելու համար աքուսթիք կիթառի տեղը ելեկտրակիթառը նախընտրած են ։ 1950-ներուն ու 1960-ներուն ընթացքին ելեկտրակիթառը Ռոք ու Պլուզի ամենա կարեւոր տեղը կը գրաւէ։ 1980-ներուն Մետալը այն օրուան բոլոր երիտասարդներուն երկար մազ ձգելու եւ ձեռքը կիթառ մը առնելու առաջնորդած է[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. The History of The Electric Guitar: How Music Was Changed Forever Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.(անգլերէն)