Գիւղացիներու Արշաւանք
Գիւղացիներու Արշաւանք | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Խաչակրաց Արշաւանքներ | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
* Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցի
|
* Սելճուքեան Սուլթանութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Վալտեր Գոլեակ Պետրոս Ամյենցի |
Կիլիջ-Արսլան I[3] | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
20 000 խաչակիրներ[4] (սկզբնապէս` 40 000 մարդ)[5] |
անյայտ է | ||||||
Կորուստներ | |||||||
Բախման ժամանակ գրեթէ բոլորը մահացած են[6] | Համեմատաբար քիչ |
Գիւղական խաչակրաց արշաւանք, Խաչակիրներու Առաջին Արշաւանքի առաջին փուլ։ Մօտ 6 ամիս տեւած է՝ ապրիլ 1096–էն մինչեւ հոկտեմբեր 1096։ Հասարակ գիւղացիներու բանակը, որ գլխաւորուած էր Պետրոս Ճգնաւորի ու Վալտեր Գոլեակի կողմէ, գործնականօրէն ամբողջապէս ջախջախուած են Իկոնիոյ սուլթան Կիլիջ Արսլան I-ի գլխաւորած, քանակով գերակշռող եւ լաւ զինուած սելճուքներու բանակէն։ Գիւղական խաչակրաց արշաւանքը յայտնի էր նաև որպէս Ժողովրդական խաչակրաց արշաւանք կամ Աղքատութեան խաչակրաց արշաւանք:
Արշաւանքի սկիզբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմի պապ Ուրբանոս II-ը յոյս ունէր, որ Խաչակիրներու Առաջին Արշաւանքը կը սկսի 15 օգոստոս 1096–ին (Աստուածածնի Վերափոխման Տօն), բայց գիւղացիներու եւ աղքատ ասպետներու ամբոխները իրենց սեփական նախաձեռնութեամբ դէպի Երուսաղէմ շարժեցան անոնցմէ քանի մը ամիս առաջ։ Խաչակրաց արշաւանքներուն նախորդող տարիներուն Եւրոպան կը տառապէր երաշտէ, սովէ ու ժանտախտէ: Բնակչութիւնը աղքատացած էր, այդ պատճառով խաչակրաց արշաւանքը շատերուն իրենց դրամական վիճակը վերականգնելու միջոց կը թուէր։ Բացի անոնցմէ, 1095–ի բնական երեւոյթները (լուսնի խաւարում, օդաքարային անձրեւ եւ այլն) որպէս Աստուծոյ կողմէ օրհնութիւն էին կարծէս արշաւանքի համար։ Խաչակրաց արշաւանքի գաղափարը այնքան յայտնի դարձաւ, որուն իբրեւեւ արդիւնք, տարբեր աղբիւրներու համաձայն, այնտեղ ուղեւորուեցաւ 100-300 հազար մարդ, որոնց մէջ կային նաեւ կանայք եւ երեխաներ, մեծամասնութեամբ հասարակ մարդիկ[5]:
Շարժման հոգեւոր առաջնորդ դարձաւ միաբան Պետրոս Ամյենցին, որ «Ճգնաւոր» կոչուած էր։ Ցնցոտիներով, էշի վրայ նստած շրջելով՝ ան խաչակրաց արշաւանքը կ՛աւետէր Հյիւսիսային Ֆրանսայի եւ Ֆլանդրիայի մէջ։ Շատերը անոր կը հաւատային որպէս Աստուծոյ մարգարէ։ Պետրոսը կը պնդէր, որ աւետելը անոր տրուած է Քրիստոսի կողմէն եւ այն յղումը ցոյց կու տար, որ իբրեւեւ թէ այդ մէկը ապացուցում է։ Անոնց կողմէն հաւաքած բանակի մեծ մասը անգրագէտներու, հանցագործներու ամբոխ էր, եւ անոնք ցանկացած մեծ քաղաք կ՛ընդունեն որպէս Երուսաղէմ։ Բայց արշաւանքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ անկեղծ ուխտաւորները, որոնք ոչ մէկ շահ չէին հետապնդեր, այլ կը ցանկային գոհացնել զԱստուած։
Այդ առաջին խաչակիրներու խումբերը իրենց հետ չէին վերցուցած ո'չ պաշարներ, ո'չ ալ գումակ եւ ոչ մէկ կարգապահութիւն չէին գիտեր։ Զօրքի առաջապահ ջոկատին մէջ, որ գլխաւորուած էր Վալտեր Գոլեակի կողմէ, կար ընդամէնը ութ ձիաւոր։ Խաչակիրները դէպի Արեւելք կը շարժէին` ճամբուն ընթացքին ողորմութիւն հաւաքելով, թալանելով, գողութիւնով, սպաննելով եւ բռնութիւններ կիրառելով:
Ըստ որոշ պատմիչներու, այս կերպ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին դիտմամբ պլանաւորածեւ իրականացուած է «աւելորդ բերաններու» ոչնչացումը. Կոստանդնուպոլիս հասած է խաչակիրներու կէսէն ոչ աւելին։
Հրէաների ջարդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Աղքատութեան» խաչակիրներու յարձակմանը առաջինը ենթարկուեցան եւրոպաբնակ հրէաները, թէեւ անոնք քաղաքներու պաշտպանութեան համար եպիսկոպոսներուն մեծ գումար վճարած էին։ Պետրոս Ամյենցու հետեւորդները հրէական ջարդեր կազմակերպեցին Ռուանի եւ Քյոլնի մէջ. այս քաղաքին մէջ ալ արշաւանքը սկսաւ։ Հրէաները տեսնելով, որ խաչակիրները նոյնիսկ երեխաներուն չեն խնայեր, Մայնց քաղաքին մէջ զանգուածային ինքնասպանութիւն կատարեցաին՝ նույնիսկ ծծկերներուն սպաննելով, կամ ալ ստիպելով անոնց կրօնափոխ ըլլալ եւ քրիստոնեայ դառնալ[7][7][8][9]: Նոյն ճակատագրէն չխուսափեցան նաեւ Մոզել, Տրիր, Շպայէր եւ Վորմս քաղաքները։
Հետագայ իրադարձութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջինը Հունգարիոյ թագաւորութեան մօտեցաւ Վալտեր Գոլեակի անջատ անջատ ջոկատը։ Հունգարիոյ թագաւոր Կալման I Գրքասերը գիւղացիներու բանակին սպասելով՝ զօրքերը սահմաններ հանեց։ Կալմանը թոյլ տուցաւ խաչակիրներուն իր տարածքներով անցնիլ եւ նոյնիսկ խոստացաւ երբեմն անոնց պարէն ապահովելով, եթէ անոնք կարգ ու կանոնը պահպանեն։ Բայց Չեխիոյ իշխան Բրժետիսլաւ II ջախջախեց տեղանքը աւիրած դուքս Էմիգո Լեյնինգենի զօրքերը, եւ այդ լուրը արշաւանքի միւս մասնակիցներուն հասաւ։
Պայմանագիրը խախտելով՝ չքաւորները սկսան իրենց սովորական գործով զբաղիլ՝ թալանով։ Արդիւնքը այն էր հունգարական զօրքերու հետ բախման համար զօրքէն մնաց ընդամենը քանի մը հարիւր մարդ, որոնք Կոստանդնուպոլիս հասան դժուարութեամբ։ Հետագային, հետեւելով կարգ ու կանոնին՝ նոյն այս ճանապարհով անցան Պետրոս Ամյենցու աղքատները։
Կոստանդնուպոլիս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1096–ի աշնան, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մօտ 180 000 մարդ հաւաքուեցաւ։ Երկար թափառումներէ չարացած եւ ուժասպառ խաչակիրներու այս «բանակը» Բիւզանդիոնի կայսեր Ալեքսիոս Կոմնենոսի համար վտանգաւոր կը դառնար։ Մասնագիտական բանակի փոխարէն Կոմնենոսը սովեալներու բազմութիւնը տեսաւ եւ այդ մէկը որպէս ծաղրանք համարեց, Պապի կողմէն, հասկանալով, որ նմանատիպ զօրքերը ի վիճակի չեն կռիւ բանալու լաւ զինուած մուսուլմաններու հետ։ Սանձարձակ ուխտաւորները, իրենց ժամանման պահէն սկսած, քանի մը շաբաթուայ ընթացքին տասնեակ տուներ թալանեցին եւ աւերեցին, քանի մը դղեակներ, հարիւրաւոր առեւտրական կրկպակներ եւ նոյնիսկ եկեղեցիներ, թէեւ յոյները անոնց սնունդ կը մատակարարէին եւ կացարան տրամադրում՝ անոնց յայտնուելէ ետք այս ու այն կողմ չփախչելով։ Սկզբը Ալեքսիոսը կը համոզէր Ճգնաւորին՝ սպասել խաչակիր-ասպետներուն Փոքր Ասիոյ մէջ, սակայն եկւորներու հանդուգն արարքը հնարաւորինս ստիպեց շուտ ազատիլ անոնցմէ։
Արշաւանքի վերջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բիւզանդական նաւատորմը քրիստոնեայ աշխարհազօրայիններուն Ոոսփորի միջով ուղարկեց, ուր անոնք ճամբար հարուածեցին Ցիվիտոտի մօտակայքը։ «Չքաւորները» կարգապահութիւն չէին ցուցադրեր, եւ Պետրոս Ճգնաւորի խորհուրդներուն հակառակ, գիւղացիներու ջոկատները ինքնակամ սկսան ցրուել սելճուքներու տարածքներով։
Գիւղացիներէն թիւով ամենաշատը Ռենո Դե Բրեյի գլխաւորութեամբ դէպի Սելճուքեան պետութեան մայրաքաղաք Նիկեա շարժեցաւ, ճամբուն ընթացքին գրաւելով թոյլ եւ սակաւաթիւ կայազօրով հսկող թրքական Խերիգորդոն ամրոցը[6]: Սակայն Կիլիջ Արսլան I-ը ամրոցը անջատեց ջուրի աղբիւրներէն, եւ անոնք շուտով ստիպուած յանձնուեցան։ Այնուհետեւ սուլթանը լրտեսներ ուղարկեց Ցիւիտոտի ճամբար՝ լուրեր տարածելու, թէ իբրեւ ֆրանկները Նիկէան գրաւած են:
Խաչակիրները դուրս եկան եւ դէպի նիկէեան ճամբան շարժեցան։ 21 Հոկտեմբերին Նիկէայի եւ Դրակոն բնակավայրի միջեւ ինկած նեղ մարգագետնի վրայ անոնք թուրքերու լարած ծուղակը ինկան եւ գլխովին ջախջախուեցան. մօտ 25 000 գիւղացի-խաչակիրներ զոհուեցան[4]: Վալտեր Գոլեակի դիակը աւելի ուշ գտնուեցաւ։ Մուսուլմանները անոր մարմինի մէջ եօթը նետ խրած էին։ Պետրոս Ամյենցուն յաջողեցաւ Կոստանդնուպոլիս վերադառնալ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ John France, Victory in the East: A Military History of the First Crusade, (Cambridge University Press, 1997), pg. 159
- ↑ Paul L. Williams, The Complete Idiot's Guide to the Crusades, pg. 48
- ↑ Tom Campbell, Rights: A Critical Introduction, pg. 71
- ↑ 4,0 4,1 J. Norwich, Byzantium: The Decline and Fall, 35
- ↑ 5,0 5,1 J. Norwich, Byzantium: The Decline and Fall, 33
- ↑ 6,0 6,1 Jim Bradbury, The Routledge Companion to Medieval Warfare, pg. 186
- ↑ 7,0 7,1 Nikolas Jaspert, The Crusades. Routledge, 2006: 39-40.
- ↑ Gerd Mentgen, "Crusades" in Antisemitism: A Historical Encyclopedia of Prejudice and Persecution (Vol. 1), ed. Richard S. Levy, 151-53.
- ↑ Jonathan Phillips, Holy Warriors: A Modern History of the Crusades. Random House, 2010: 9-10.
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Жозеф Мишо. История крестовых походов
- Ф. И. Успенский. История крестовых походов
- Заборов Михаил Абрамович. Крестоносцы на Востоке. М.: Главная редакция восточной литературы изд-ва «Наука». 1980. — 320 с.
- «История средних веков»: Учебник для студентов ист. фак. пед. ин-тов. — М.: Просвещение, 1980. — 576 с., ил.