Գէորգի Եակուլով
Գէորգի Եակուլով (բուն անունով Գէորգ Եակուլեան, 2 (14) Յունուար 1884RKDartists
Գէորգի Եակուլով (բուն անունով Գէորգ Եակուլեան, 2 (14) Յունուար 1884RKDartists
Ծնած է Թիֆլիս: Կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1901 թուականին, ապա ընդունուած՝ գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան ու ճարտարապետութեան ուսումնարան:
Ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1903 թուականին կամաւոր անդամագրուած է կովկասեան գունդին եւ մասնակցած է 1904-1905 թուականներու ռուս-ճաբոնական պատերազմին:
Եակուլով երիտասարդ տարիքին իր աշխատութիւններով՝ հիմնականին մէջ բեմանկարներ, մասնակցութիւն ունեցած է Մոսկուայի տարբեր ցուցահանդէսներու։
1910 թուականին մեկնած է Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւ ծանօթացած այդ ժամանակուան մեծ արուեստագէտներու, ուսումնասիրած է անոնց գործերը եւ իր տեսական հետեւութիւնները ամփոփած է «Երկնագոյն արեգակը» յօդուածին մէջ:
Փարիզի մէջ բարձր գնահատանքի արժանացած է Եակուլովի ձեւաւորած «Փոխանակութիւն», «Արքայադուստր Բրամբիլլա» եւ այլ ներկայացումներու բեմադրութիւնները:
1914 թուականին, հայ քաղաքական ու հասարակական գործիչ Ալեքսանտր Միասնիկեանի հետ միասին Մոսկուայի մէջ հայ մշակոյթի վանտալութեան դէմ աշխատանք ծաւալած է:
Եակուլով 1918 թուականին մասնակցած է Մոսկուայի մէջ հայ թատրոնի հիմնադրման եւ ձեւաւորած է Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, Սունդուկեանի «Պէպօ»ն եւ այլ ներկայացումներ:
Հայաստանի Առաջին Պետական թատրոնին մէջ ձեւաւորած է Շիրվանզատէի «Մորգանի խնամի»ն, Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը» եւ այլ ներկայացումներ:
Արուեստագէտը անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի (1959, 1967, 1975, 1984), Մոսկուայի (1975) եւ Փարիզի (1964) մէջ:
Անոր գործերէն շատեր ցայսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Մոսկուայի Թրէտեաքովեան պատկերասրահին եւ Պախրուշինի անուան թատերական թանգարանին մէջ[4][5]: